Միջլիբանանեան Մօտալուտ Երկխօսութեան Լոյսին Տակ. Տեղական Թէ Արտաքին Խորհրդակցութիւններն Ու Հայեացքները Կեդրոնացան Նախագահական Ընտրութեան Եւ Առեւանգեալ Զինուորականներու Հարցերուն Վրայ
Տարիներու եթէ ոչ դարերու աւանդութեանց հետեւելով, հոգեբանական ու բնազդային մղումով, ամէն ոք տօնական օրերու սեմին կ՛ակնկալէ նուէր մը, որ զինք ուրախացնէ: Լիբանանցիք եւս, անխտիր բոլորը, իւրաքանչիւրը իր կարիքին համաձայն ակնկալութիւններ ունի տօնական օրերու պատուական հիւրէն` Կաղանդ պապուկէն:
Այս իմաստով, առեւանգեալ զինուորականներու ընտանիքներուն գերագոյն փափաքը իրենց զաւակներուն ազատ արձակումն է, որ սակայն մերթ յուսադրիչ, մերթ յուսալքիչ լուրերով կը «քաշքշէ» զիրենք ամէն ուղղութեամբ` հասնելով նոյնիսկ մինչեւ Սէուտական Արաբիա: ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ երեք զինուորներու գլխատման նորագոյն սպառնալիքը ահ ու սարսափի մատնեց երէկ անոնց ընտանիքները, որոնք դիմեցին պատկան կողմերուն եւ այցելեցին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի: Անոնք նաեւ պիտի այցելեն վարչապետ Թամմամ Սալամի, որպէսզի կառավարութիւնը վճռէ իր կեցուածքը եւ որոշէ միջնորդ մը:
Այս իմաստով «Ախպար» օրաթերթը ՏԱՀԵՇ-ի մօտիկ աղբիւրներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ կը փորձէ Քալամունի մէջ սաստկացնել բախումները եւ Ժապհաթ Նուսրայի մօտ գտնուող խումբ մը լիբանանցի առեւանգեալ զինուորականները իր մօտ առնել, որպէսզի ինք վճռէ անոնց ճակատագիրը եւ բանակցի պատկան կողմերուն հետ:
Նաեւ` Քաղաքական Ճակատի Վրայ
Նմանապէս, լիբանանցիք կը յուսան, որ ամիսներէ ի վեր քուլիսներու ետին թէ բացայայտ հանդիպումներու ընթացքին պատրաստուող միջլիբանանեան երկխօսութիւնը ի վերջոյ գոյանայ այն համոզումով, որ նման իրագործում կրնայ առաջնորդել կողմերու համախոհութեան խնդրայարոյց հարցերու, յատկապէս նախագահական ընտրութեան գծով:
Այս իմաստով իմացուեցաւ, թէ Մուսթաքպալ-Հըզպալլա հանդիպումը խիստ հաւանաբար տեղի ունենայ տարեվերջի նախօրեակին` երկուշաբթի, 29 դեկտեմբերին, Այն Թինէի մէջ կնքահայրութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ մասնակցութեամբ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրիի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական խորհրդական Հիւսէյն Խալիլի:
Այս առնչութեամբ Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Տաուտ Սայեղ յայտնեց, որ վերջին քանի մը օրերուն Վատիկանի մէջ սկսած են լիբանանեան թղթածրարին յատկացուած նիստեր, ուր նախագահական ընտրութիւնը առանցքային օրակարգ է:
Նախապէս Վատիկանի մօտիկ աղբիւրներ յայտնած էին, թէ մարտ 2015-ը վճռական է Լիբանանի նախագահական ընտրութեան գծով: Իսկ «Էմ.Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ երեկոյ հաւաստի աղբիւրներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները յայտնեց, որ յառաջիկայ գարնան խիստ հաւանական կը նկատուի նախագահական ընտրութիւնը:
Դէտեր այս գծով մեծ յոյսեր կը կապեն դիւանագիտական արտաքին խորհրդակցութիւններուն, որոնց ընթացքին Լիբանանի իրավիճակը օրակարգի գլխաւոր նիւթ է: Այս ծիրին մէջ, Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիյոն երէկ երեկոյ ժամանեց Պէյրութ եւ այսօր խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Խորհրդակցութիւններուն ընթացքին պիտի արծարծուին հրատապ հարցեր, ինչպէս` առեւանգեալ զինուորականներու հարցն ու նախագահական ընտրութեան կայացման ճիգերը:
Իսկ երկուշաբթի Պէյրութ կը ժամանէ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանի, որ նոյնպէս պիտի խորհրդակցի երկկողմանի յարաբերութեանց եւ նշեալ հրատապ հարցերուն շուրջ:
Նմանապէս Աուն-Ժահժահ հանդիպումին գծով մէկէ աւելի աղբիւրներ հաստատեցին, որ անիկա խիստ հաւանաբար տեղի ունենայ տարեսկիզբին: Այս իմաստով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ «Ախպար Եաում» լրատու գործակալութեան կատարած իր յայտարարութեամբ յայտնեց, որ Աուն-Ժահժահ հանդիպումը Լիբանանի փրկութեան համար է եւ ոչ թէ սովորական ընթացիկ հարց մը լուծելու համար:

