Պիելոռուսիոյ Եւ Ղազախստանի Խորհրդարանները Վաւերացուցին Հայաստանի` Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամակցութեան Համաձայնագիրը

1219_MMԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի խորհրդարանները վաւերացուցած են Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու մասին համաձայնագիրը:

Պիելոռուսական «Պելթա» կայքը կը հաղորդէ, Պիելոռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ալեքսանտր Միխնեւիչ` ներկայացնելով Հայաստանի անդամակցութեան մասին համաձայնագիրի վաւերացման օրինագիծը, յայտնած է, որ Պիելոռուսիոյ խորհրդարանին մէջ միեւնոյն ժամանակ նշուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղը պիտի չընդգրկուի Եւրասիական տնտեսական միութեան կազմին մէջ` Հայաստանի անդամակցութենէն ետք:

«Մենք մտահոգութիւն ունինք, որ այն տարածքները, որոնք չեն գտնուիր Հայաստանի կազմին մէջ, կրնան յայտնուիլ Մաքսային միութեան կազմին մէջ: Հայկական կողմը ըմբռնումով մօտեցաւ այդ պահանջին: Համաձայնագիրին կցուած է նշում մը այն մասին, որ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի Հանրապետութեան մաս չի կազմեր: Հնչած է հայկական կողմի պաշտօնական բանաւոր յայտարարութիւնը», նշած է ան:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ չկայ որեւէ խոչընդոտ` Հայաստանը «տէ ֆաքթօ» Մաքսային միութեան մասնակից եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան ապագայ անդամ դարձնելու համար:

Ղազախստանի խորհրդարանը փաստաթուղթը ուղարկած է երկրի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւին` ստորագրման համար, որմէ ետք համաձայնագիրը ուժի մէջ պիտի մտնէ:

Ռուսիան, Պիելոռուսիան եւ Ղազախստանը մայիսին ստորագրած եւ ապա վաւերացուցած էին Եւրասիական տնտեսական միութեան ստեղծման մասին համաձայնագիրը, որ իր աշխատանքը պիտի սկսի 1 յունուար 2015-ին:

10 հոկտեմբերին ստորագրուած էր Հայաստանի անդամակցութեան մասին համաձայնագիրը:

Share this Article
CATEGORIES