24 Ապրիլին Թուրքիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Երթեր Կը Կազմակերպուին

1219_haydarՆախորդ շաբաթ Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու միութիւնը «Վերջ տալ հերքման. Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ» խորագիրով ձեռնարկի մը սկսած էր:   Ըստ «Ակօս»-ի, մասամբ յայտնի դարձած են ատոր ծիրին մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկները, որոնց շարքին են 24 ապրիլ 2015-ին Թուրքիոյ 28 շրջաններու մէջ տեղի ունենալիք «Ցեղասպանութեան քայլարշաւները»:

Ըստ նոյն աղբիւրին, Պոլսոյ մէջ եւս տեղի պիտի ունենայ երթ` թուրք-իսլամական արուեստի թանգարանէն մինչեւ Հայտարփաշա կայարան:   Մարդկային իրաւունքներու միութիւնը 22-24 ապրիլին ձեռնարկներ կը նախատեսէ նաեւ Տիգրանակերտի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES