Արցախ. Ազգային Անվտանգութեան Մարմիններու Աշխատողի Օրուան Առիթով Նախագահ Սահակեան Ուղերձ Յղած Է
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ազգային անվտանգութեան մարմիններու աշխատողի օրուան առիթով: Ուղերձին մէջ ըսուած է. «Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան յարգելի աշխատակիցներ եւ վեթերաններ, Արցախի իշխանութիւններուն եւ անձամբ իմ անունովս ի սրտէ կը շնորհաւորեմ ձեզ մասնագիտական տօնին առիթով: Ձեր ծառայութիւնը չափազանց կարեւոր է մեր պետութեան եւ ժողովուրդին անվտանգութեան ապահովման տեսանկիւնէն: Ասիկա բարդ ու դժուարին աշխատանք է, որուն յաջող եւ արդիւնաւէտ իրականացման համար անհրաժեշտ է քաղաքացիական պարտքի եւ պատասխանատուութեան բարձր զգացում, մասնագիտական պատրաստուածութիւն, հայրենասիրութիւն եւ անձնուիրութիւն: Վստահ եմ, որ համակարգի աշխատակիցները պիտի շարունակեն կարելին ընել իրենց պարտականութիւնները պատշաճ մակարդակով իրականացնելու համար: Պետութիւնն ալ իր կարգին կը շարունակէ ուշադրութեան առարկայ պահել ձեր աշխատանքային եւ ընկերային-կենցաղային պայմաններու բարելաւման կապուած հարցերը: Անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ բոլորդ Ազգային անվտանգութեան մարմիններու աշխատողի օրուան առիթով եւ կը մաղթեմ խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն, երջանկութիւն եւ ամենայն բարիք ձեզի եւ ձեր ընտանիքներուն»:

