ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Աշխարհաքաղաքական մակարդակի վրայ տարբեր էին պայմանները այն օրերուն, երբ Լիզպոնի անձնուրացները աննախադէպ եղանակով պատգամ փոխանցեցին համայն աշխարհին: Լիզպոնը բարձրակէտ էր յեղափոխական աւանդներու վերադարձով յատկանշուած պայքարելաձեւին, որ ծաւալեցաւ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ եւ որ յաջողեցաւ քանդել ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն դէմ Թուրքիոյ թէ ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքին բարձրացուցած լռութեան պատը:

Գլխաւոր պատգամը Լիզպոնի այն էր, որ հայութեան իրաւունքներու վերատիրացման պայքարի վճռակամութիւնը անտեղիտալի է: Գերագոյն զոհաբերութեան կենդանի փաստը կը համոզէր համայն աշխարհը, որ իր ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման համար իր հայրենիքէն հեռու, սփիւռքի մէջ կազմաւորուած հայ երիտասարդութիւնը  վճռած էր ամէ՛ն գնով շարունակել պահանջատիրական երթը:

Հայութեան հետ հաշուի նստելու պարտադրանքը կար Լիզպոնի խորհուրդին մէջ եւ պայքարի շարունակականութեան, անտեղիտալիութեան եւ հետեւողականութեան անշրջանցելի փաստը: Այդպէս ալ եղաւ. Լիզպոնը հոգեկան ու գաղափարական հսկայական վառելանիւթով օժտեց հայ պահանջատէր երիտասարդութիւնը, որ անվարան ուխտեց շարունակել Լիզպոնի հերոսներուն թողած աւանդը:

Լիզպոնի խոյանքէն միայն հինգ տարի ետք էր, որ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն վերատիրացման համար պայքար կը յայտարարուէր այս անգամ արծուեբոյն Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ: Լիզպոնի ուժանակներուն պայթումին արձագանգը կը հասնէր Արցախի մայրաքաղաքը շատ արագօրէն տարածուելու համար դէպի Երեւան ու անկէ ամբողջ հայկական աշխարհը: Լիզպոնի անձնուրացութիւնը կամ հայրենիքի ազատագրութեան համար կեանքեր նուիրաբերելու պատրաստակամութիւնը այս անգամ կը յայտնուէր Ղարաբաղի ճակատներուն վրայ` հայկական հողատարածքները ազատագրելու համար ազրպէյճանական լուծէն:

Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդող սերունդներու լաւագոյն ներկայացուցիչներն էին, որոնք Լիզպոնի մէջ վերջ կու տային իրենց կեանքերուն` քանդելու համար լռութեան պատը: Ղարաբաղի մէջ կռուողներն ու նահատակները երկրորդ անգամ ցեղասպանութեան ենթարկուելու մերժումը գործնապէս արտայայտողներն էին, որոնք դարձեալ հայութեան իրաւունքները անսակարկելի կը նկատէին:

Նպատակը միեւնոյնն էր: Կռուի միջավայրերը տարբեր էին պարզապէս: Լիզպոնի մէջ թէ Գետաշէնի կամ Շուշիի հայ ազատամարտիկը կը կռուէր հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն վերատիրացման համար, կորուսեալ հայրենիքի վերականգնման համար: Այդ նոյն ոգին էր, որ Երեւանէն մինչեւ հայկական գաղթաշխարհի ամէն մէկ անկիւնին մէջ ոտքի հանեց հայ ժողովուրդը, երբ սակարկութեան նժարի վրայ դրուեցան հայութեան պատմական իրաւունքները` պարտադրուած  արձանագրութիւններու նախապայմանային տողերուն մէջ: Այդ նոյն ոգին էր, որ Լիզպոնի, Երասխաւանի թէ Ղարաբաղի մէջ հոսած արեան հետքերով ուզեց առաջնորդուած տեսնել` մեր ազգային-հաւաքական երթի ճիշդ ուղիի սահմանները ճշդելու եւ ըստ այնմ առաջնորդուելու համար:

Լիզպոնի աքթին, անոր ճամբով ամրագրուած զոհաբերութեան ոգիի տարողութեան ճանաչումի աշխատանքը պէտք է տանիլ հայրենիքի մէջ: Ասիկա այն եզակի արարքն է, որուն պէտք է ծանօթանայ Հայաստանի երիտասարդը:  Ստեփանակերտը բարձր գնահատելով Լիզպոնի հերոսական արարքը, հերոսներու ծնողներուն ուղղուած շքանշանով արժեւորեց հայրենիքին հանդէպ կատարուած աննախընթաց այս ծառայութիւնը:

Անհրաժեշտ է նման վերաբերում մը Հայաստանի Հանրապետութենէն եւս: Լիզպոնի հերոսները բոլոր տուեալները ունին ազգային հերոսի բարձր պատուանդանին վրայ կանգնելու պաշտօնապէս` Հայաստանի պետութեան կողմէ: Անոնց նահատակութեան խորհուրդին մէջ ներառուած էր վաղուան հզօր ու միացեալ Հայաստանի կերտման համար այսօրուան հանրապետութեան կերտումն ու անկախացումը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES