ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Փանոս Մանճեան «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութիւնը արձակուրդի մէջ չէ, այլ` կը պատրաստէ յառաջիկայ 2 օգոստոսին գումարելիք իր նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 102 կէտ ընդգրկող օրակարգ մը: Ան շեշտեց, որ այս հանգրուանին առաջնահերթութիւնը պետական պաշտօնեաներու նշանակումին է:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ` անոր փոխանցելու համար իր ցաւակցութիւնները` գերապայծառ Եուսեֆ Թաուքի վախճանման առիթով:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին որոշուեցաւ վերացնել ծանուցողական բոլոր պաստառները, որոնք երկրին գեղեցկութիւնը կ՛աղաւաղեն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նեպիլ Նիքոլա ընդգծեց, որ երբեք կարելի չէ Լիբանանի բնական հարստութիւնը Իսրայէլի տրամադրութեան տակ պահել, այլ` պէտք է զայն պաշտպանել, նոյնիսկ եթէ Լիբանան ստիպուի իր իրաւունքներուն համար պատերազմիլ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ յատուկ Միջազգային դատական ատեանի բանբեր Մարթին Եուսեֆ յայտնեց, որ Միջազգային դատարանի ընդհանուր դատախազը նոր ամբաստանութիւն մը չէ հրապարակած տակաւին: Ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ամբողջական գործակցութիւն ցուցաբերէ ատեանին նկատմամբ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի յայտնեց, որ Լիբանանի ազգային երկխօսութիւնն է միակ միջոցը երկրին հարցերուն լուծման եւ քաղաքական տարակարծութիւններու փարատումին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ քաղաքական աղբիւրներ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեցին, որ լիբանանեան ապահովական կառոյցները պիտի արգիլեն երկրին մէջ ոչ լիբանանցիներուն կողմէ կատարուած ցոյցերը:
ԻՍՐԱՅԷԼԻ Քաղաքացիական անվտանգութեան խորհուրդի նախկին նախագահ Կիորա Այլընտ յայտնեց, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմը ձախողեցաւ իր նպատակները իրականացնելու առումով: Ան հաստատեց, որ եթէ Իսրայէլ որեւէ պահու նոր պատերազմ մը սանձազերծէ Հըզպալլայի դէմ, ապա ան դարձեալ ձախող դուրս պիտի գայ` Հըզպալլայի յաւելեալ հզօրացումին պատճառով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Լիբանանի ազգային երկխօսութիւնը կը ծառայէ բոլորին շահերուն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց ապահովական իրադարձութիւնները: Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ֆրենսիս Մերի Կայը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ: