Փարիզ Սեն Ժերմեն 7 Միլիոն Եւրօ Կ՛առաջարկէ Քոնթէին
Abola.pt կայքին համաձայն, ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն մօտէն հետաքրքրուած կը թուի ըլլալ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէով եւ պատրաստ է անոր տարեկան 7 միլիոն եւրօ վճարելու, եթէ ան համաձայն գտնուի ստանձնելու մայրաքաղաքի խումբին մարզիչի պաշտօնը:
ArmSport.am կը հաղորդէ, որ ըստ իտալական մամուլին, Քոնթէ վերջին շրջանին բաւական դժգոհ է իտալական ակումբներուն վարած քաղաքականութենէն, որովհետեւ անոնք յաւելեալ ժամանակ չեն տրամադրեր իրենց ֆութպոլիստներուն` ազգային խումբին հետ իրենց ժամանակը անցընելու:
CATEGORIES Մարզական

