Ֆորմիւլա -4. Միքայէլ Շումախըրի Որդին Մասնակցեցաւ Փորձառական Մրցավազքերուն

1219_mick_schumacher«Ֆորմիւլա – 1»-ի աշխարհի պատմութեան մէջ իր անունը արձանագրած գերմանացի Միքայէլ Շումախըրի 15 տարեկան որդին` Միքը մասնակցեցաւ Վալենսիայի մէջ տեղի ունեցած «Ֆորմիւլա-4»-ի փորձառական մրցավազքերուն, կը յայտնէ osterreich կայքը:

ArmSport.am հաղորդեց որ Միք Շումախըր 2016-ին իր նորամուտը պիտի նշէ «Ֆորմիւլա -1»-ի ախոյեանութեան, իսկ 2015-ին հանդէս պիտի գայ քարթինկի մրցումներուն:

Նշենք, որ Միք Շումախըր այս տարի հանդիսացաւ KF Junior քարթինկի մրցաշարքի ախոյեան եւ Գերմանիոյ քարթինկի ախոյեանութեան փոխախոյեան:

Share this Article
CATEGORIES