Պալոթելլի Տուգանքի Ենթարկուեցաւ Եւ Մէկ Մրցումով Կախակայուեցաւ

1219_balotelli«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լիվըրփուլի յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ 25 հազար փաունտ (39 հազար ամերիկեան տոլար) տուգանքի ենթարկուեցաւ եւ մէկ մրցումով կախակայուեցաւ, որովհետեւ ան «Ինսթակրամ»-ի իր անձնական հաշիւին մէջ զետեղած էր անպատշաճ յայտարարութիւն մը:

Ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ կատարուածը ամբողջութեամբ դէմ է ֆետերասիոնին օրէնքներուն եւ եթէ յառաջիկային նմանօրինակ արարք մը կրկնուի, ապա Պարոթելլի աւելի ծանր պատիժ պիտի ստանայ:

24 տարեկան իտալացին, որ նախորդ օգոստոսին Ա. Սէ. Միլանէն միացաւ Լիվըրփուլի, 15 մրցումի ընթացքին նշանակած է միայն 2 կոլ:

Share this Article
CATEGORIES