Հայաստանի Մէջ ՀՄԸՄ-ի Գործունէութեան 25-Ամեակի Նշում

1222_hmem-(2)Երեւանի Պատանի հանդիսատեսի թատրոնին մէջ հայ սկաուտները ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ նշած են ՀՄԸՄ-ի Հայաստանի մէջ վերահիմնադրութեան եւ Երեւանի մասնաճիւղի գործունէութեան 25-ամեակը: 25 տարի առաջ Հայաստանի մէջ վերահիմնադրուած ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան նպատակը եղած է որակեալ սերունդ դաստիարակելը: Հանդիսութեան ներկայ եղած է նաեւ Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեանը:

«Մենք հաւատում ենք, որ սկաուտութիւնը 21-րդ դարի երիտասարդութեան, ինչպէս նաեւ հասարակութեան ղեկավար է պատրաստում: Սկաուտութեան մէջ մտնելով` երիտասարդը պատրաստւում է վաղուայ իր քաղաքացիական կոչմանը` որպէս պարտաճանաչ, որպէս կարգապահ քաղաքացի, ինչպէս նաեւ դաստիարակութեանը` բնութեան գրկում», ըսած է ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի հիմնադիր-անդամ, Համաշխարհային սկաուտական շարժման Բիւրոյի անդամ Բագրատ Եսայեանը:

1222_hmem-(4)1222_hmem-(1)ՀՄԸՄ Երեւանի վարչութեան ատենապետ Վիգէն Յովհաննիսեան խօսած է այն մասին, որ ՀՄԸՄ-ը,  համագործակցելով տարբեր կառոյցներու հետ, հիմնադրման օրէն ի վեր ու յատկապէս վերջին տարիներուն աշխուժօրէն կը մասնակցի բազմաբնոյթ հասարակական գործունէութեանց:

«Ազգային զարթօնքի օրերին` 25 տարի առաջ, մի խումբ սփիւռքահայ եւ տեղացի ուսանողներ, կարեւորելով սերնդի հայեցի դաստիարակութիւնը, հայրենիքում վերահիմնադրեցին 70 տարի Հայաստանից տարագրուած Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը: Վերահիմնադրումն սկիզբ առաւ հէնց համայն հայութեան մայրաքաղաք Երեւանում: Երեւանի մասնաճիւղը համագործակցում է տարբեր կառոյցների հետ, աշխուժօրէն մասնակցում բազմաբնոյթ հասարակական միջոցառումների եւ պատրաստ է մաս կազմել իւրաքանչիւր հայրենանուէր նախաձեռնութեան: Այս պարունակում խորին երախտագիտութիւն ենք յայտնում Երեւանի քաղաքապետարանին, անձամբ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին` մեր ծրագրերը կեանքի կոչելու գործին սատարելու համար: ՀՄԸՄ Երեւանի վարչութիւնը խորհրդանշական անուանական յուշանուէրով է յայտնում իր երախտագիտութիւնը Տարօն Մարգարեանին այդ նշանակալի աւանդի համար», նշած է Վիգէն Յովհաննիսեան եւ յուշանուէր յանձնած է  Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեանին:

«Այսպիսի արմատներ ունեցող կազմակերպութեան հետ մեր համագործակցութիւնը արդիւնաւէտ է եւ պատուաբեր: Շնորհաւորում եմ յոբելենական այս առիթով եւ մեր գոհունակութիւնն եմ յայտնում հայանպաստ աշխուժ գործունէութեան համար` խոստանալով, որ կը շարունակենք աւելի արդիւնաւէտ համագործակցութեամբ», նշած է Արամ Սուքիասեան:

Հայկական առաջին սկաուտական խումբերը կազմուած են 1908 թուականին: Երկար տարիներ գործելով սփիւռքահայ գաղութներու մէջ` միութիւնը նաեւ հայապահպանման գաղափարի տարածողը եղած է: «Սկաուտութիւնը հիմնադրումից սկսած` ունեցել է մեծ դեր սփիւռքում, այն պահել է բոլոր սերունդներին, դաստիարակել է հայապահպանման, հայրենասիրական ոգով», դիտել տուած է ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւան մասնաճիւղի փոխատենապետ Պերճ Թիւֆենքճեանը:

Յատկանշական եղած է այն, որ հանդիսութեան ընթացքին տասնեակ սկաուտներ երդում տուած են հաւատարիմ մնալու Աստուծոյ եւ ծառայելու հայրենիքին, միշտ օգնելու ուրիշներուն եւ գործելու իբրեւ պարտականութեան գիտակից, արի եւ վեհանձն մարդ, հնազանդելու հայ սկաուտական դաւանանքին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )