Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Թէկուզ Ծպտեալ… Հայ Են Անոնք

Զ. Պ.

«Սի. Էն. Էն. Թիւրք» թրքական լրատուականը վերջերս անդրադարձած է Հայաստանի «Կենտրոն» պատկերասփիւռի սփռած մէկ նիւթին, ուր կը խօսուի քրտական հարցի լուծման հեռանկարներուն եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ներկայիս ապրող հայերու թիւին մասին:

«Թուրքիոյ 4 միլիոն հայերու առկայութեան մասին պնդում» վերնագիրով նիւթին մէջ «Սի. Էն. Էն. Թիւրք»-ը հանգամանօրէն կը ներկայացնէ Նայիրի Յոխիկեանին պատրաստած վաւերագրականը` քրտական հարցի կարգաւորման վերաբերեալ:

Չորս միլիոն հայերու գոյութեան վարկածէն զատ, թրքական կայքը կը յիշեցնէ «Իսլամացուած հայեր» խորհրդաժողովին մասնակցած Այշէ Կիւլ Ալթընայի յայտարարութիւնը, ուր ան հաստատած էր, որ այժմ Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրին իսլամացուած հայերու միլիոնաւոր ժառանգներ:

Թուրքիոյ մէջ արեւմտահայոց մասին ընդհանրապէս եւ կրօնափոխ դարձած հայերու մասին մասնաւորապէս համապարփակ հատոր մը պատրաստած է Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվըրցեան, որուն մէջ ան կը նկարագրէ արեւմտահայերուն ներկայ վիճակը, վեր կ՛առնէ Թուրքիոյ մէջ իսլամացուած հայերուն խնդիրները: Ըստ անոր, այսօր Թուրքիոյ մէջ աւելի քան 3 միլիոն իսլամացուած հայ կայ: Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին անոնց թիւը 2 միլիոնի սահմաններուն մէջ է: Անոնց մէկ մասը ծպտեալ հայեր են, որոնք մինչեւ օրս կը պահպանեն իրենց ազգային ինքնութիւնը, թէեւ` գաղտնի: Ոմանք ալ վերջերս սկսած են բացայայտուիլ, նոյնիսկ` մկրտուիլ:

Վերջին տասնամեակներուն Թուրքիոյ տարածքի տարբեր վայրերու մէջ աստիճանաբար կը տարածուի ծպտեալ հայերու ինքնաբացայայտման երեւոյթը, ինչ որ հետաքրքրական եւ կարեւոր է, որովհետեւ այս թեման արծարծող զանազան ուսումնասիրութիւններն ու գիտաժողովները թուական ոչ արհամարհելի պատկերով մը կը բնորոշեն Թուրքիոյ մէջ ապրող ծպտեալ հայերուն թիւը: Հայեր, որոնք ապրելով իրենց պատմական հողերուն վրայ, պարտադրաբար կրօնափոխ դառնալով, պահպանած են իրենց ինքնութիւնը ու կը փորձեն վերադառնալ իրենց ակունքներուն, անգամ` յարաբերութիւն մշակել հայութեան միւս զանգուածներուն հետ:

Անկասկած հայութեան այս հատուածը ուշադրութեան կիզակէտի մէջ պահելն ու աստիճանաբար կազմակերպելը դրական իր անդրադարձը պիտի ունենայ Հայ դատի ռազմավարական աշխատանքներուն մէջ: Այնուամենայնիւ, անհրաժեշտ է նաեւ զգօն ըլլալ հայկական այս հատուածին մէջ թրքական իշխանութիւններու թափանցումներէն եւ անուղղակի ուղղորդումներէն, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին թրքական իշխանութիւններուն որդեգրած հակահայ ծրագիրներուն հեռակայ նպատակներէն:

Թուրքիոյ մէջ նմանատիպ հարցերու առնչուող գիտաժողովներու կազմակերպումը, ծպտեալ հայերէ բաղկացած հասարակական կազմակերպութիւններու յառաջացումը կրնան ձեռնտու ըլլալ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող, միաժամանակ միջազգային ընտանիքին դիմաց Թուրքիան իբրեւ քաղաքակիրթ եւ հանդուրժող պետութիւն ներկայացնել փորձող թրքական իշխանութիւններուն համար: Անոնք նման հասարակական կազմակերպութիւններու մէջ թափանցելով` հնարաւորութիւն կ՛ունենան նաեւ ականջալուր ըլլալու հայկական կողմին տարած աշխատանքներուն` ձեռք ձգելով անոնց խոչընդոտ հանդիսանալու բոլոր տուեալները:

Կասկածէ վեր է նաեւ, որ հասարակական նման կազմակերպութիւններն ու պատմական Հայաստանի հողին վրայ ապրող մեր ազգակիցները պահանջատիրական մեր պայքարին մէջ մեծ ներդրում կրնան ունենալ, եթէ ճշգրտօրէն եւ զգուշաւորութեամբ ուղղորդուի անոնց ներուժն ու քաղաքական ազդեցութիւնը` հեռու թրքական թափանցումներու հնարաւոր ուղղորդումներէն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )