Ծննդատուն, Վերջին Կանգառով («Տարեցներու Տարուան Առիթով»)

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

1222_mariana-(1)Ծերանոց  անկելանոցի անկողնային հիւանդներու բաժինը շէնքին երկրորդ յարկին վրայ կը գտնուէր: Շէնքը նախապէս ծննդատուն էր, հիւանդանոց` «Վերժին Կիւլպէնկեան մայրանոց» անունով, իսկ հիմա` տարեցներու տուն: Քանի մը սերունդ արդէն իսկ այս ծննդատունէն իրենց աչքերը լոյսին բացած էին: Նոր Գիւղի նախկին ամէնէն եռուն մասերէն մէկուն վրայ կը գտնուէր մայրանոցը, որ ներկայիս ան եւս զերծ չէր մնացած իր վրայ կրելէ այս վերջին պատերազմի սպիներէն մին: Տանիքին աստիճանները ռմբահարումէն ետք ամբողջովին կործանած էին, կառոյցը մնացած էր ճաղատ գլուխով տարեց մարդու մը պէս, այդ անապահով  միջավայրին մէջ, իբրեւ շրջանի արաբ բնակիչներուն հանրածանօթ, իրենց եւս սպասարկած, իրենց ակնածանքին արժանի, հայ բնակիչներով շէնքը: Նախկին ստուարաթիւ հայ զանգուածը տարիներու ընթացքին նօսրացած էր  Նոր Գիւղի այս մասին մէջ:

Հալէպի Հայ ծերանոցի նախկին վերանորոգ կառոյցը, որ Պոստան Փաշայի մէջ կը գտնուէր, վերջերս հրաձգութիւններու թիրախ դարձած էր, ստիպուած` համաձայնութեամբ յանձնուած էր Ազատ բանակին, ծերունիներուն ֆիզիքական ապահովութեանը համար եւ տեղափոխուած` 1930 թուականին հիմնուած այս մայրանոցը:

Հիմա նոյն այդ հրթիռակոծուած տանիքի  առաստաղին տակ գտնուող ծերունիներուն յատկացուած սենեակներէն մէկուն մէջ երեք տարեց մայրիկներ էին: Իւրաքանչիւրը յատուկ պարագայով մը յայտնուած էր այստեղ: Առաջին երկուքին աչքերը, լացակումած, կախուած այցելուին վիզէն, աղաչական հայեացքով եւ հայցական շեշտով, չէին թողուր, որ այցելուն կարենար դուրս գալ: Թէեւ բոլորն ալ յատուկ հոգատարութեան, խնամքի եւ գուրգուրանքի արժանացած էին այս վայրին մէջ: Յանկարծ յայտնագործութիւն մը կատարածի պէս կը նկատեմ, թէ երկրորդին եւ երրորդին ձեռքերը  վերմակին տակ կը շարժէին, երբ ուշադրութիւնս քիչ մը աւելի կը փորձեմ կեդրոնացնել, սեւ կծիկ մը նկատել կու տայ, թէ կնճռոտ ու ճաթռտած ձեռքերը զբաղած էին բրդեայ մանուածք մը հիւսելով: Երկուքին ալ ձեռքերէն սեւ, օգտագործուած ապա քակուած բուրդի կծիկ մը կը սահէր: Աչքերուս անհաւատալի կը թուի: Այդքան անկարող, կիսահաշմանդամ վիճակի մէջ եւ բրդեայ գործուա՞ծք:

Անդին` առաջինը կը սկսի, վաղեմի ծանօթի մը պէս, դէպի իմ կողմս նայելով, արագ արագ, ընտանեկան պարագաներուս վերաբերեալ  հարցեր տեղացնել, մինչ կը նկատեմ որքան անկարող ըլլալը, ի վերջոյ կիսահաշմանդամ է:

Բոլորն ալ առոյգ տեսք  կը ստանան: Գաղտնիքը շուտով կը յստականայ, ոեւէ այցելու, որեւէ սենեակէ ներս հոգեփոխութեան կ՛ենթարկէր դուրսի աշխարհէն մասամբ անջատուած, մարդոց  կարեկցանքին եւ գուրգուրոտ հայեացքին կարօտ այս մամիկներն ու թիւով հատ ու կենտ պապիկները:

Անոնց  շրթներէն արտասանուած իւրաքանչիւր վանկ օրհնութիւն է` աղօթք, խաղաղութեան անվերջ մաղթանքներով զուգորդուած, երախտագիտական հոգիէ մը արտաբերուած: Անոնցմէ մին շրթները ականջիս մօտեցնելով` ամենայն միամտութեամբ կը հարցնէ. «Ըսէ՛, կը խաղաղի՞ արդեօք երկիրը, նախկինին պէս լաւ կ՛ըլլա՞յ ամէն բան»:

Մամիկներէն մէկուն տունը թշնամիներուն կողմէ բռնագրաւուած Շէյխ Մաքսուտ շրջանին մէջ է, անընդհատ կը կրկնէ, ինձմէ կը պահանջէ, որ խոստանամ զինք իր տունը այցելութեան տանիլ.

– Երբ զարկերը կենան, միայն մէկ օրով զիս իմ տունս կը տանի՞ս, անգամ մը միայն տեսնեմ, միտքս հանգստացնեմ, ետ կը դառնամ:

Ինչպիսի՜ մեծ դժուարութեամբ այս մամիկը կրցած էին հոնկէ փոխադրել, անուաւոր աթոռի վրայ, իբր յատուկ պարագայ: Ահաբեկիչները հազիւ թոյլատրած էին, որ ան փամփուշտներու տարափին տակ հեռանար իր տունէն:

Որքան հեռաւորութիւն կար անոնց այս նկարագրային գիծին` պարզութեան, անկեղծութեան, դիւրահաւատութեան եւ երիտասարդ սերունդին արտաբերած բառերուն միջեւ: Տարիքը իր դերը ունէր անոնց գոհունակութեան եւ հաւատքին մէջ անշուշտ:  Արեւմտահայաստանէն եկած իրենց ծնողներէն ժառանգած բնա՞զդը, թէ՞ անպատսպար մնալու վախը իրենց մէջ զարգացուցած էր  պարզութեան յատկութիւնը:

Ամբողջ ծերանոցը, կենաց մահու պարիսպներէ անցնելով, անտես հրեշտակային ձեռքերու, անխօս եւ լուռ սպասարկուներու, հօտի պատասխանատուներու  առաջնորդութեամբ եւ ընկերակցութեամբ, ձեւով մը կրակի գօտին ճեղքելով  փոխադրուած էր` շատ մը բանէ անտեղեակ, այս անպաշտպան ծերունիները համեմատաբար աւելի ապահով  այս ծննդատունը հասցնելով…

Երկար ատեն սեւ կծիկներով ծերունի հայուհիներուն պատկերները կը զբաղեցնեն մտապաստառս: Ինչո՞ւ սեւ եւ ոչ` ուրիշ գոյն: Արդէն անոնց կեանքը կիսով չափ խաւարի մէջ է…

Որո՞ւ համար կը գործեն, կիսահաշմանդամ մարմնով այս «փոքրիկ արարածները» կրնան նաեւ չընել, ոչ ոք պարտադրած է իրենց:

Աշխատասիրութիւնը հայու նկարագրին մէջ ընդելուզուած ունակութիւն է` ի տարբերութիւն մեր հարեւան արաբ քրիստոնեայ տարեց կիներուն, որոնք ընդհանրապէս ուշադրութիւն կը գրաւեն  յառաջացած տարիքի մէջ իրենց ներկուած, խնամուած եղունգներով եւ յարդարուած մազերով:

1222_mariana-(2)Կողքի սենեակի տնքոցը ուշադրութիւնս կը շեղէ: Մինչ կը մօտենամ, բարակիրան, լաւ պահպանուած կազմուածքով, նուրբ եւ հարթ դիմագիծերով, թխադէմ պառաւը իր սառած հայեացքով, վերմակին տակ անշարժացած  մարմնով կը փորձէ ներկայութիւնս իր կողմ հրաւիրել: Կը հարցնեմ անունը: Որքան ծանօթ կը հնչէ ականջներուս: Վայրկեան մը ետք կը յիշեմ, մանկութեանս տարիներուն, ան իբրեւ հասուն, գործունեայ, յատուկ դիրքի վրայ եղող կին` հանրածանօթ հայուհի մը եղած էր, իսկ հիմա, Աստուա՛ծ իմ, վերջին անգամ քանի մը տասնեակ տարի առաջ զինք իր հասուն կնկայ արտաքինով տեսած էի, այսպիսի՞ վախճանի մը արժանի պիտի ըլլար, բոլորովին հեռու իր հարազատներէն: Չկայի մը պէս ան անշնչացած դիակի մը կերպարանքը ունէր, որուն միակ կենդանութիւն ցուցաբերող մասը աչքերն էին, որոնք կը մնան  վրաս կեդրոնացած` մինչեւ տուն մտածել տալով մեր վախճանական կեանքի մասին…

Ներքեւի յարկը համեմատաբար աւելի տանելի պարագաներ ունեցող իր բնակիչներով, մասամբ ալ` ծիծաղաշարժ դրուագներով, կրնար սփոփել այցելուին ստացած տխուր տպաւորութիւնները: Հոս անպայման իրարու հետ անհամաձայն կամ սենեկակիցէն բաժանման խնդրագիր ներկայացնող անդամներ կարելի էր գտնել: Ինչպէս` մանկապարտէզի աշակերտներու դժգոհութիւնները, միամիտ գժտութիւններն ու փոքրիկ վէճերը, ըսի-ըսաւները, ասոնք ալ տհաճ մթնոլորտ ստեղծելէ աւելի` շատ անգամ տիրող դաժան պայմաններուն մէջ համեմի եւ հիւմորի ազդեցութիւն կը ձգեն: Մամիկներէն մին շատ տարիներ առաջ, իր երիտասարդ օրերուն, երկար ատեն երազած էր նախկին այս մայրանոցի սենեակներէն մին զբաղեցնել իբրեւ մայր, ծննդատան մէջ, բայց ճակատագիը դաժանօրէն հարուածած էր զինք` իր բաղձանքը անկատար ձգելով: Ան բնաւ չէր կրցած մայրանալ, իսկ հիմա    մանկական երջանկութեամբ մը ապաստան գտած էր նախկին իր երազած մայրանոցի երդիքին տակ… Ինք եւս կը զարմանար, թէ ինչպէ՛ս իր բաղձանքը պատասխանուած էր, թէեւ` տարբեր ձեւով եւ տարբեր ժամանակի մէջ: Իր կեանքի վերջալոյսին ուրախ էր, որ շատ մը ուրիշ մարդոց պէս, անօթեւան եւ անպատսպար չէր մնացած:

Մայրիկներէն ոմանք այս յարկին տակ բազմաթիւ զաւակներ լոյս աշխարհ բերած էին, հիմա այդ զաւակները զիրենք լքած էին, ու կրկին այս յարկն էր զանոնք իր գիրկը առնողը, թէեւ հիմա ուրախութեան արցունքներու փոխարէն` անոնք դառն արտասուք ունէին պահած իրենց սրտերուն մէջ, հարազատներ ունենալ եւ մնալ այստեղ` շրջապատի հոգածութենէն կախեալ…

Յանկարծ կ՛անդրադառնամ, որ ես ալ առաջին ճիչս այստեղ արձակած եմ: Մի՞թէ վերջին վանկս ալ այստեղ կ՛արտասանեմ, ո՞վ գիտէ…

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )