Ազրպէյճանցի Հրեայ Քարոզիչը (Propagandist) Քարեր Կը Նետէ Հայաստանի Վրայ` Ապակեայ Տունէն

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հրէական եւ իսրայէլեան լուրերու JNS.org կայքը տեղադրած է Արիէ Կութի թունաւոր, հակահայկական յօդուածը ամպագորգոռ խորագիրով` «Հակասեմականութիւնը Հայաստանի մէջ. յստակ եւ այժմէական վտանգ»:

JNS.org կայքը հեղինակը կը ներկայացնէ իբրեւ «ազրպէյճանական իսրայէլցիի», որ` «Իսրայէլեան-ազրպէյճանական միջազգային կազմակերպութեան վարչութեան անդամ է, Իսրայէլի մէջ «Արդարութիւն Խոջալուի համար» միջազգային քարոզարշաւի պաշտօնական համակարգողը եւ միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ»:

Տասնեակ ազրպէյճանական եւ թրքալեզու լրատուամիջոցներ շտապեցին վերահրապարակել այս հայատեացութիւն տարածող քարոզչութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա վերցուած է «հանրաճանաչ» իսրայէլեան լրատուական աղբիւրէ: Կրնայ ըլլալ, որ յօդուածը գրուած է Պաքուի մէջ, տեղադրուած` իսրայէլեան եւ հրէական հրապարակումներուն մէջ, ապա արտատպուած Ազրպէյճանի մէջ` ընթերցողներու մօտ ստեղծելով այնպիսի տպաւորութիւն, որ անիկա կու գայ երրորդ կողմի անաչառ աղբիւրէ:

Կութ կը պնդէ, որ Հայաստանի հրէական փոքրամասնութիւնը «մեծապէս նուազած է աւելի հանդուրժողական» խորհրդային իշխանութեան փլուզումէն ետք® Աւելի ուշ ան կ’ընդունի, որ «Հայաստանի շարունակուող տնտեսական անկումը» նոյնքան վճռորոշ եղած է հրեաներու քանակի նուազման համար` «հինգ հազարէն դառնալով ընդամէնը քանի մը հարիւր»: Սակայն Կութ միտումնաւոր չի նշեր, որ նոյն ժամանակահատուածին աւելի քան մէկ միլիոն հայ լքած է իր հայրենիքը` անտանելի տնտեսական պայմաններու պատճառով:

Այնուհետեւ ազրպէյճանցի հրեայ հեղինակը կը մեղադրէ հայերը «մշակութային բռնութեան» համար` վկայակոչելով հակասեմական գիրքերու եւ պատկերասփիւռային ծրագիրներու գոյութիւնը: Սակայն ան դժկամութեամբ կ’ընդունի, որ «նման ցաւալի դէպքեր» տեղի կ’ունենան «շատ երկիրներու մէջ»: Եթէ այդպէս է, ուրեմն ինչո՞ւ ան կ’առանձնացնէ Հայաստանը: Կրնայ ըլլալ, որ ան յետին մտքեր ունի: Իբրեւ  «Արդարութիւն Խոջալուի համար» միջազգային քարոզարշաւի պաշտօնական համակարգող Իսրայէլի մէջ»` Կութ վճարովի գործակա՞լ է, թէ՞ այս ծանր` ազրպէյճանամէտ եւ հակահայկական յօդուածներ գրելու աշխատանքը կը կատարէ բարեսիրտ տրամադրութեամբ:

Կութ կը շարունակէ վարկաբեկել հայերը` պնդելով, որ` «Հայաստանի մէջ 2,2 միլիոն չափահաս բնակչութեան շուրջ 1,3 միլիոնը հակասեմական վերաբերմունք դրսեւորած է»: Ան կը մոլորեցնէ ընթերցողները` թիւր կարծիք ստեղծելով, թէ անձամբ հարցազրոյց կատարած է 1,3 միլիոն հայերու հետ, որոնք ենթադրաբար հակահրէական յայտարարութիւններ ըրած են® Կութ նկատի ունի հրէական «Ընդդէմ զրպարտութեան միութեան» (ADL) համաշխարհային թերի հետազօտութիւնը, ըստ որուն, պատահականօրէն ընտրուած  500 հայերու 58 տոկոսը, որոնց հետ հարցազրոյց վարած են հեռախօսով, հակասեմական տեսակէտներ արտայայտած է: Քանի որ Կութի 1,3 միլիոն ցուցանիշը վերցուած է ADL-ի հետազօտութենէն, ապա ան պէտք է նշէր նաեւ իր սիրելի Ազրպէյճանի` մարդու իրաւունքներու ամենակոպիտ ոտնահարման երկիրներէն մէկուն նոյն հետազօտութեան արդիւնքները, որոնք ցոյց կու տան, որ 2.4 միլիոն ազրպէյճանցիներ (գրեթէ կրկնակի աւելի հայերու թիւէն) հակասեմական վերաբերմունք կը տածեն:

Քանի որ Կութ կը թաքցնէ ազրպէյճանցիներու տուեալները, եկէք` զանոնք բացայայտենք եւ ADL-ի 11 հարցումներուն պատասխանները համեմատենք Հայաստանի ցուցանիշներուն հետ.

1) 3,2 միլիոն ազրպէյճանցիներ եւ 1,5 միլիոն հայեր պատասխանած են` «Հաւանաբար ճիշդ է». «Հրեաները աւելի հաւատարիմ են Իսրայէլի, քան` այն երկրի հանդէպ, ուր անոնք կ’ապրին»:

2) 3,4 միլիոն ազրպէյճանցիներ եւ 1,6 միլիոն հայեր պատասխանած են` «Հաւանաբար ճիշդ է». «Հրեաները չափազանց հզօր են գործարար աշխարհի մէջ»:

3) 3,2 միլիոն ազրպէյճանցիներ եւ 1,5 միլիոն հայեր պատասխանած են` «Հաւանաբար ճիշդ է». «Հրեաները չափազանց հզօր են միջազգային ելեւմտական շուկաներու մէջ»:

4) 2 միլիոն ազրպէյճանցիներ եւ 1 միլիոն հայեր պատասխանած են` «Հաւանաբար ճիշդ է». «Հրեաները դեռ շատ կը խօսին այն մասին, թէ ի՛նչ պատահած է իրենց հետ Ողջակիզման ժամանակ»:

5)  3,4 միլիոն ազրպէյճանցիներ եւ 1,3 միլիոն հայեր պատասխանած են` «Հաւանաբար ճիշդ է». «Հրեաները չի հետաքրքրեր, թէ բացի իրենցմէ ի՛նչ կը կատարուի միւսներուն հետ»:

6)  2,5 միլիոն ազրպէյճանցիներ եւ 1.1 միլիոն հայեր պատասխանած են` «Հաւանաբար ճիշդ է». «հրեաները չափազանց մեծ վերահսկողութիւն ունին միջազգային հարցերու վրայ»:

7) 2,5 միլիոն ազրպէյճանցիներ եւ 1.1 միլիոն հայեր պատասխանած են` «Հաւանաբար ճիշդ է».  «Հրեաները չափազանց մեծ վերահսկողութիւն ունին Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան վրայ»:

8) 2,4 միլիոն ազրպէյճանցիներ եւ 1.2 միլիոն հայեր պատասխանած են` «Հաւանաբար ճիշդ է». «Հրեաները կը կարծեն, որ իրենք աւելի լաւ են, քան` միւս ժողովուրդները»:

9) 2,3 միլիոն ազրպէյճանցիներ եւ 0,9 միլիոն հայեր պատասխանած են` «Հաւանաբար ճիշդ է». «Հրեաները չափազանց մեծ վերահսկողութիւն ունին համաշխարհային լրատուամիջոցներու վրայ»:

10)  2 միլիոն ազրպէյճանցիներ եւ 0,8 միլիոն հայեր պատասխանած են` «Հաւանաբար ճիշդ է». «Հրեաները պատասխանատու են աշխարհի մէջ տեղի ունեցող շատ պատերազմներու համար»:

11) 2,4 միլիոն ազրպէյճանցիներ եւ 1,4 միլիոն հայեր պատասխանած են` «Հաւանաբար ճիշդ է». «Մարդիկ կ’ատեն հրեաները իրենց վարուելակերպին պատճառով»:

ADL-ի համաշխարհային հետազօտութեան արդիւնքները աւելի շշմեցուցիչ են Թուրքիոյ համար, ուր բացայայտուած է, որ 34 միլիոն թուրքեր` 49 միլիոն չափահաս բնակչութենէն, հակասեմական են (գրեթէ 70 տոկոսը):

Կութ կ՛աւարտէ իր հակահայկական խծբծանքը` այսպէս կոչուած Խոջալուի ջարդերը ներկայացնելով իբրեւ «20-րդ դարու ամենաաղէտալի ողբերգութիւններէն մէկը», ատով իսկ «613 անձի ենթադրեալ սպանութիւնները Խոջալուի մէջ արցախեան պատերազմի ժամանակ հաւասարեցնելով Հրէական ողջակիզումի վեց միլիոն զոհերու եւ Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերու հետ…»:

Կութ հաւանաբար տեղեակ չէ Պենճամին Ֆրանքլինի յայտնի խօսքերուն. «Քարեր մի՛ նետէք ձեր հարեւաններուն ուղղութեամբ, եթէ ձեր տան պատուհանները ապակեայ են»:

 

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )