«Ծիածան» Մանկապատանեկան Թատերախումբին «Կաղանդի Երազ» Երգախառն Թատրոնը

1021_derԿազմակերպութեամբ «Ծիածան» մանկապատանեկան թատերախումբին, երէկ` կիրակի, 21 դեկտեմբեր 2014-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Ամանորի  եւ Ս. Ծնունդի տօնին առիթով տեղի ունեցաւ «Կաղանդի երազ» երգախառն թատրոնը` «Յակոբ  Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, Պուրճ Համուտ:

Բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան անդամ Մարալ Հարպոյեան: Ան ողջունելով ներկաները շեշտեց, որ «Ծիածան» մանկապատանեկան թատերախումբը արդէն իսկ վեց տարեկան է. «2009-ին ծնունդ առած «Ծիածան» մանկապատանեկան թատերախումբը աւանդութիւն դարձուցեր է իւրաքանչիւր տարի թեմայով մը բեմ գալ»: Ան լուսաբանելով այս տարուան խորագիրը աւելցուց. «Մարդ արարածը միշտ ալ երազ մը կ՛ունենայ, որ նպատակ կը դառնայ իր ապրած կեանքին տեւողութեան: Իսկ Աստուած կը ներգործէ երազներուն իրականացման մէջ` բարի անձերու միջոցով»:

Յաջորդաբար երկու կարճ տեսերիզներ ներկայացուեցան: Առաջինը` ծանօթանալու «Ծիածան» մանկապատանեկան թատերախումբին եւ անոր երկու փայլուն աստղերուն` Նայիրա Պաղտասարեանին եւ  Լորի Քէշիշեանին: Ինչպէս նաեւ «Կաղանդի երազ» երգախառն թատրոնին հեղինակ, բեմադրիչ Յարութ Հարպոյեանին եւ երաժշտական դասաւորման պատասխանատու Սեդօ Պաղտասարեանին: Իսկ երկրորդը`   համառօրէն ներկայացուց Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ ծնունդը:

Երկու  աստղերուն` Նայիրային եւ Լորիին  կամաւորաբար միացած էին տաղանդաւոր դերասաններ` հետեւեալ դերերով. Մայտա Անտոնեան (նապաստակը), Դրօ Միրզայեան (փանտան), Մինաս Ադամեան (սկիւՌը), Փանոս Աբրահամեան (փիսոն), Սելինա Տեմիրճեան (Սելինան),  Յովիկ Գէորգեան (հայրը եւ գայլը), Վանտրա Տեմիրճեան (մայրը), Զեփիւռ ճամպարեան (կաղանդ մամիկը եւ պարիկը), իսկ Յարութ Հարպոյեան (Կաղանդ պապան):

Երգախառն թատրոնին աւարտին, իւրաքանչիւր հանդիսատեսին դէմքին վրայ գծուած էր յուսալի ժպիտ մը` Նոր տարին բարձր տրամադրութեամբ ընդունելու:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES