Կաղանդի Տօնավաճառ` Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան Կազմակերպութեամբ

1021_vartanantsՇաբաթ, 20 եւ կիրակի, 21 դեկտեմբեր 2014-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Կաղանդի տօնավաճառ` նպատակ ունենալով տօնական օրերուն օժանդակել ընկերային ծանր պայմաններու մէջ ապրողներուն:

Նորաշէնի շրջանին ծերունիներուն եւ օժանդակութեան կարիք ունեցողներուն ձեռք երկարելու եւ Նոր տարուան առիթով ուտելիք տրամադրելու միտումով հոկտեմբերէն սկսեալ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ տիկնանց միութիւնը «Օգնէ՛ եղբօրդ» խորագիրը կրող արշաւի մը սկսած էր եւ համապատասխան օժանդակութեան սնտուկ զետեղած եկեղեցւոյ մուտքին` հաւատալով, որ ժողովուրդին ունեցած փոքր ներդրումներով կարելի է օժանդակել ժողովուրդի այն զաւակներուն, որոնք առաւել ծանր կացութեան մէջ կը գտնուին:

Տօնավաճառին ընթացքին կը վաճառուէին Նոր տարուան յատուկ կողովներ, զարդեղէններ, խաղալիքներ, ուտելիքներ, անուշեղէններ, հայկական ճաշեր, չիր ու չամիչ եւ այլն:

Այս տօնավաճառէն գոյացած գումարը աւելցնելով «Օգնէ՛ եղբօրդ» ծրագիրով հաւաքուած գումարին վրայ, կարելի պիտի ըլլայ Նոր տարուան առիթով ուրախացնել ընտանիքներ, որոնք պիտի զգան, որ իրենց կողքին եղողներ եւ իրենց մասին մտածողներ կան:

 

Share this Article
CATEGORIES