Առաջնորդ Սրբազանին Անդրանիկ Այցելութիւնը` Ֆանարի Մատուռ

1021_fanar-1Երէկ` կիրակի, 21 դեկտեմբերը իւրայատուկ օր մըն էր Ֆանարի բնակիչներուն համար, որովհետեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Ֆանար եւ մատուցեց հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ` Ֆանարի մատրան մէջ:

Իր քարոզին մէջ օրինակ բերելով փարիսեցիին եւ մաքսաւորին առակը` առաջնորդ սրբազանը բացատրեց, որ այդ առակին ընդմէջէն Քրիստոս մեզ կը խրատէ ըլլալ համեստ եւ գիտակցիլ, թէ իբրեւ մարդ արարածներ բոլորս ալ մեղաւոր ենք եւ ենթակայ` սայթաքումներու: Այս աշխարհին մէջ բոլորս ալ անկումներ կ՛արձանագրենք, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կը  սայթաքինք, նաեւ կը խլենք ուրիշին իրաւունքը. սակայն բաւարար է, որ մեր մեղքերը խոստովանինք եւ Աստուծմէ ներողութիւն խնդրենք` հաւատալով, որ ան առիթը պիտի տայ մենք մեզ սրբագրելու:

«Պէտք է գիտնանք, որ անհրաժեշտը բարոյական ամրութիւնն է բոլորիս համար», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ եթէ բարոյապէս ամուր ենք, հաւատքը մեր մէջ հաստատ է եւ յոյսը անշեղ կերպով կը տիրապետէ մեր զգացումներուն վրայ, ապա մնացեալները կը դառնան ժամանակաւոր եւ երկրորդական: «Տօնական օրերու նախօրեակին կ՛աղօթեմ, որ Աստուած մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ամուր եւ տոկուն պահէ հաւատք եւ բարոյականութիւն, որպէսզի մեր նախնին երուն օրինակով մենք շարունակաբար մնանք պատնէշի վրայ եւ մեր արարքներուն ընդմէջէն քրիստոնէական բարոյականութիւն հաստատենք մեր շրջապատին մէջ` ի խնդիր մեր ժողովուրդի կարիքին», եզրափակեց սրբազանը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Share this Article
CATEGORIES