Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան «Կռունկ» Երգչախումբի Ս. Ծննդեան Համերգը

1021_groungԿազմակերպութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, երէկ կիրակի, 21 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան համերգ` կատարողութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «Կռունկ» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ժան Փիեռ Աստիկեանի:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Դալար Աթէշեան: Ան հաստատեց, որ Քրիստոսի ծնունդը գործնական սէր է, յատկապէս երբ կը նուիրուինք բ արի գործեր կատարելու համեստ ու պարզ հոգիով: Ան նկատել տուաւ, որ շարականները հզօր կապ մը կը հիւսեն երկինքի եւ երկրի միջեւ` աւելցնելով, որ սոյն ելոյթը նաեւ խորհրդածութեան եւ աղօթքի պահ մը պիտի ըլլայ:

Այնուհետեւ «Կռունկ» երգչախումբը ներդաշնակ երգեցողութեամբ մեկնաբանեց Ս. Ծննդեան շարականներու փունջ մը` նաեւ զանազան լեզուներով. «Խորհուրդ մեծ», «Ով զարմանալի», «Ս. Ծնունդ», «Երգ Նոր տարուան», «Քրիստոս ծնաւ», «Կլորիա», «Ճինկըլ պելզ» եւ այլն: Երգչախումբին մերթ ընդ մերթ ջութակով ընկերացաւ Ռիթա Աստիկեան, ինչպէս նաեւ տհոլի վրայ` Նազելի Չիթճեան:

Աւարտին, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Պերճ Սապէ սրտի խօսք ուղղելով մեծապէս գնահատեց երգչախումբի կատարումը` հաստատելով, որ ներկայացուած համերգին շնորհիւ կրցանք զգալ եւ ապրիլ Ծնունդի մթնոլորտը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )