«Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չէ Խստացուցած» Կ՛ըսէ Հոլլանտ

Ֆրանսուա Հոլլանտ

Ֆրանսուա Հոլլանտ

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներու որոշում չեն որդեգրած, իսկ գործող պատժամիջոցներու մեղմացումը կախեալ է Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակէն:

«Նոր պատժամիջոցներ չեն սահմանուած, որովհետեւ անոնք պէտք չէ ըլլային: Պատժամիջոցներու հետագայ մեղմացումը կախեալ պիտի ըլլայ մեր արձանագրած յառաջընթացէն», յայտարարած է Հոլլանտ:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել իր կարգին նշած է, որ պատժամիջոցները սահմանուած էին որոշակի պատճառներով եւ պիտի վերցուին, երբ այդ պատճառները վերցուին:

Վեհաժողովի ամփոփիչ փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Ուքրանիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ տիրող իրավիճակը լուրջ մտահոգութիւններու պատճառ է:

«Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ Խրիմի եւ Սեւասթոփոլի անօրինական միացումը չճանչնալուն ուղղուած քաղաքականութիւնը: Եւրոպական Միութիւնը կը պահպանէ ուղեգիծը, իսկ Եւրոպական խորհուրդը պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային հետագայ քայլերու ձեռնարկելու», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

«Քոմսոմոլսքայա Փրաւտա» կը հաղորդէ, որ Մերքել յայտարարած է, որ եթէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան մասին, ապա պէտք է հաւատալ անոր խօսքին` բացատրելով, որ Փութին այդպիսի յայտարարութիւն կատարած է անցեալ չորեքշաբթի` Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ուքրանիոյ ղեկավարներու հետ հեռաձայնային բանակցութիւններու ընթացքին:

 

Share this Article
CATEGORIES