Եւրոպական Խորհրդարանը Ռուսիոյ Կոչ Ուղղած Է` Չեղեալ Նկատելու Աբխազիոյ Հետ Ռազմավարական Գործընկերութեան Մասին Համաձայնագիրը

1219_EU-Russia«Ափսնի» կայքը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի` Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի վաւերացման կապակցութեամբ Եւրոպական խորհրդարանը նիստին ընթացքին որդեգրած է «կից յուշագիր» մը, որուն մէջ ընդգծած է, որ այդ համաձայնագիրը կը տարածուի միջազգայնօրէն ընդունուած Վրաստանի ամբողջ տարածքին վրայ, թէեւ Ռուսիան «կը շարունակէ շրջափակել Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ շրջանները»:

Որոշումին մէջ, որ հաստատուած է 491 կողմ, 84 դէմ եւ 63 ձեռնպահ ձայներով, Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանները քննադատած են Ռուսիոյ եւ Աբխազիոյ միջեւ ստորագրուած «Համագործակցութեան եւ ռազմավարական գործընկերութեան մասին» համաձայնագիրը:

«Եւրոպական խորհրդարանը կը քննադատէ այսպէս կոչուած «Համագործակցութեան եւ ռազմավարական գործընկերութեան մասին» համաձայնագիրը, որ կնքած են Աբխազիան եւ Ռուսիան, զայն կը գնահատէ իբրեւ Աբխազիոյ կցման քայլ եւ Ռուսիոյ կոչ կ՛ուղղէ` չեղեալ նկատելու զայն», կը նշուի որոշումին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES