Երկրագունդի Մթնոլորտի Օզոնի Շերտը Կը Սկսի Վերականգնիլ
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Օդերեւութաբանութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւ ՄԱԿ-ի Շրջակայ միջավայրի ծրագիրի` Ժընեւի մէջ հրապարակած զեկուցումին մէջ նշուած է, որ երկրագունդը կործանարար անդրմանիշակագոյն ճառագայթումէն պաշտպանող օզոնի շերտը «վերականգնելու առաջին նշանները կը դրսեւորէ»:
Հետազօտութիւնը, որուն մասնակցած են 37 երկիրներէ շուրջ 300 գիտնականներ, ցոյց տուած է, որ դէպի մթնոլորտ հիտրոքլորոֆորքարպոններու եւ օզոնը քայքայող այլ նիւթերու արտահոսումները նուազեցնելու ուղղութեամբ համաշխարհային ընտանիքին կողմէ ձեռնարկուող միջոցները արդիւնք կու տան:
Մասնագէտներու նախատեսութիւններուն համաձայն, եթէ այսուհետեւ ալ այսպէս շարունակուի, ապա ներկայ 100-ամեակի կէսերուն օզոնի շերտը պիտի հասնի 1980-ի մակարդակին, որ «ելակէտ» ընդունուած է: 1980-էն ետք եղող ժամանակաշրջանը բնութագրուած է մթնոլորտին մէջ օզոնի խտութեան արագ նուազմամբ:
Փորձագէտները կը նշեն, որ օզոնի շերտին վնաս հասցնող նիւթերու օգտագործումէն մարդկութեան լիակատար հրաժարումը կրնայ «պաշտպանիչ շերտի» վերականգնումը արագացնել 11 տարիով:

