Թուրք Ակադեմական Մը Էրտողանը Վիրաւորելուն Համար Դատապարտուած Է Բանտարկութեան

Էլիֆհան Քէօսէ
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով թրքական «Տեմոքրաթհապեր»-ը, կը հաղորդէ, որ Կեզի հանրապարտէզի դէպքերուն ժամանակ ոստիկանի կրակոցէն մահացած անչափահաս Պերքա Էլվինի յիշատակի արարողութիւններուն մասնակցած թուրք ակադեմական Էլիֆհան Քէօսէն «Էրտողանը վիրաւորելու» հիմնաւորումով դատապարտուած է բանտարկութեան:
Դատարանի ներկայացուցած մեղադրականին մէջ կը նշուի, որ Քէօսէ արարողութեան ժամանակ Էրտողանը գող անուանած է: Ան դատապարտուած է 11 ամիս եւ 20 օր բանտարկութեան:
Թուրք ակադեմականը հերքած է մեղադրանքները` ըսելով, որ այդ ժամանակ վարչապետի պաշտօնը վարած Էրտողանի հասցէին որեւէ արտայայտութիւն չէ ունեցած: Ան ընդգծած է, որ չ՛ափսոսար Էլվանի յիշատակի արարողութեան մասնակցելուն համար: Քէօսէ աւելցուցած է, որ խնդիրը պատրաստ է հասցնելու մինչեւ եւրոպական դատարաններ:

