Օպամա Խրիմի Տնտեսական Շրջափակումը Յայտարարեց

Պարաք Օպամա
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարած է Խրիմի տնտեսական շրջափակման մասին` արգիլելով որեւէ տնտեսական յարաբերութիւն թերակղզիին հետ, որ մտած է Ռուսիոյ կազմին մէջ:
«Այսօր ես ստորագրեցի հրամանագիր, որ հետագայ քայլերու կը ձեռնարկէ Ուքրանիոյ կացութեան կապակցութեամբ: Հրամանագիրը կ՛արգիլէ ապրանքներու, ճարտարագիտութիւններու եւ ծառայութիւններու արտածումը Խրիմ եւ կ՛արգիլէ ապրանքներու, ճարտարագիտութիւններու եւ ծառայութիւններու ներածումը Խրիմէն, ինչպէս նաեւ նոր ներդրումները Խրիմի մէջ», ըսած է Օպամա:
«Հրամանագիրը նաեւ ելեւմուտքի նախարարին իրաւունք կու տայ պատժամիջոցներ սահմանել անհատներու եւ ընկերութիւններու նկատմամբ, որոնք կ՛աշխատին Խրիմի մէջ», աւելցուցած է ան:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը վերստին մեղադրած է Ռուսիան «Խրիմի բռնագրաւման եւ բռնակցման», ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ հարաւ-արեւելքը զինեալներուն աջակցելու մէջ: «Ես դարձեալ Ռուսիոյ կոչ կ՛ուղղեմ վերջ տալու բռնագրաւումին եւ Խրիմի բռնակցման փորձին, դադրեցնելու Ուքրանիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ զինեալներուն օժանդակելը եւ կատարելու իր պարտաւորութիւնները Մինսքի համաձայնութիւններուն համապատասխան», նշած է Օպամա:
Նախապէս Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներու մասին յայտարարած է Քանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըր: 20 դեկտեմբերէն ի վեր նաեւ ուժի մէջ մտած են Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցները Խրիմի տնտեսութեան եւ զբօսաշրջական ճիւղին դէմ: Բացի ատկէ, Եւրոպական Միութիւնը աւելի քան վեցապատիկ ընդլայնած է ցանկը այն ապրանքներուն եւ ճարտարագիտութիւններուն, որոնց Խրիմ մատակարարումը արգիլուած է:

