Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու պատուիրակութիւնը երէկ աւարտեց իր Լիբանան այցելութիւնը եւ մամլոյ ասուլիս մը տալով յայտնեց, թէ հաւաքուած է աւելի քան 400 հազար տոլար, որոնք պիտի տրամադրուին Լիբանանի եւ Իրաքի կարիքաւոր քրիստոնեաներուն: Պատուիրակութիւնը մինչեւ յառաջիկայ ապրիլ կարիքաւոր հազար իրաքցի քրիստոնեայ գաղթական ընտանիքներու օժանդակութիւն պիտի յատկացնէ:
ԶԻՆԵԱԼ միջադէպ մը երէկ որոշ ժամանակով լարուած մթնոլորտ ստեղծեց Տէյր Ահմար քրիստոնեայ բանակչութեամբ աւանը, երբ Ժաաֆար ընտանիքէն երեք երիտասարդներու վերագրուեցաւ Իհաթ-Տէյր Ահմար ճամբուն վրայ ինքնաշարժի մը դէմ գործուած յարձակումը:
CATEGORIES Լիբանանեան

