«Հիւսիսը Արմատականներու Պարարտ Ենթահող Չէ» Յայտարարած Է Վարչապետ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ հերքեց, թէ հիւսիսային Լիբանանի Աքքար շրջանը պարարտ ենթահող է իսլամ արմատականներուն: «Լիբանանի մէջ վտանգաւոր կացութիւն կը տիրէ, բայց փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, թէ ո՛չ Աքքարի, որ բանակային տարրերու շտեմարանն է, ո՛չ ալ Թրիփոլի պարարտ ենթահող են արմատականներուն համար»:
«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Սալամ յայտնեց, թէ ինք տեղեակ չէ պահուած նախարար Ապու Ֆաուրի կողմէ Արսալի փոխքաղաքապետին միջնորդ նշանակումի որոշումէն:
CATEGORIES Լիբանանեան

