Նախարար Ֆայսալ Քարամէ Կը Հանգստացնէ. «Նախկին Վարչապետ Օմար Քարամէի Վիճակը Կայուն Է»
Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ, որ հիւանդանոցի խիստ հսկողութեան բաժանմունքին մէջն է, երէկ իր վրայ կեդրոնացուց երկրին պետական եւ քաղաքական շրջանակներուն ուշադրութիւնը: Մեծ թիւով ներկայացուցիչներ այցելեցին հիւանդանոց` մօտէն տեղեկանալու նախկին վարչապետին առողջական կացութեան մասին: Այս գծով նախարար Ֆայսալ Քարամէ հանգստացուց, թէ իր հօր վիճակը կայուն է` հերքելով այն լուրերը, թէ «Օմար Քարամէ մահաքունի մէջ է»:
CATEGORIES Լիբանանեան

