Ըստ Ժահժահի . Քրիստոնեայ Կողմ Մը Եւ Հըզպալլա Պատասխանատու Են Նախագահի Թափուր Աթոռին

1221_Samir-GeageaԼիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ երէկ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան կայացումը արգելակողը «Հըզպալլան եւ քրիստոնեայ կողմ մըն է»: «Օրիենթ թի. վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք սուրիացի ժողովուրդին դէմ չէ, այլ վարչակարգին, որ «արուեստական շնչառութեան մէջ է»: Ան մաղթեց , որ հասկացողութեան մը յանգի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ, առանց սակայն կառչելու միայն մէկ ընտրանքի վրայ կեդրոնանալու մօտեցումին:

Ժահժահ մերժեց լիբանանեան հպատակութիւն շնորհել Լիբանան ապաստանող սուրիացի քրիստոնեաներուն, որոնք «չեն կրնար Սուրիոյ վարչակարգին դէմ արտայայտուիլ»: Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ քրիստոնեաներուն վճռական կեցուածք ցուցաբերելու, որովհետեւ իրենք ալ Սուրիոյ լիիրաւ քաղաքացիներ են:

 

 

Share this Article
CATEGORIES