Ալճերիական Օդանաւի Արկածի Զոհերը Հասան Պէյրութ

1221_basilԵրէկ երեկոյ Պէյրութ հասան անցնող 24 յուլիսին Մալիի մէջ ալճերիական օդանաւի արկածին զոհ գացած 19 լիբանանցիներու մարմինները` ամբողջացնելէ ետք անոնց ինքնութեան ստուգման «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութիւնները:

Օդակայանին մէջ կատարուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն, որուն ներկայ գտնուած պատասխանատուները փափաք յայտնեցին, որ նախընտրելի պիտի ըլլար զիրենք ողջ-առողջ դիմաւորել: Նախարար Ժպրան Պասիլ անհրաժեշտ նկատեց արտերկրի լիբանանցիներուն գծով ցուցաբերուող անտարբերութեան վերջ տալ:

 

Share this Article
CATEGORIES