Խաղաղարար Միջնորդներու Եռուզեռին Մէջ. Առեւանգեալ Զինուորականներու Ընտանեկան Պարագաներուն Մանուկները Նուէրներ Ստացան
Սալաֆական ինքնակոչ միջնորդ շէյխ Ուիսամ Մասրի պատկերասփիւռային յայտարարութեամբ մը յայտնեց, որ իր կարելին պիտի ընէ առեւանգեալ զինուորականներուն դէմ մահավճիռի որոշումին վերացումին համար: Ան յայտնեց, որ պիտի փորձէ ՏԱՀԵՇ-ի պայմանները փոխանցել կառավարութեան: Մասրի անհրաժեշտ նկատեց, որ պետութիւնը ընդառաջէ պայմաններուն, այլապէս` բանակցութեանց ձախողութեան հետեւանքները պատճառ պիտի ըլլան զինուորականներու մահուան», դիտել տուաւ ան:
Միւս կողմէ, Ազգային ազատականներու կուսակցութեան ուսանողական թեւը երէկ նուէրներ բաժնեց իրենց առեւանգեալ հայրերը սպասող մանուկներուն:
Նշենք, որ առեւանգեալ զինուորականներու ընտանեկան պարագաները տակաւին «կեցութիւն հաստատած են»: Պէյրութի Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ` իբրեւ բողոք այս հարցին գծով ցուցաբերուող անտարբերութեան: Վերջին միջնորդներու նախաձեռնութեան լոյսին տակ անոնք հրաժարեցան իրենց քայլերը սաստկացնելէ:

