Դատախազը Ազերի Հետախոյզին Համար Ցմահ Ազատազրկում Պահանջեց

1221_hedՍտեփանակերտի մէջ շարունակուող  դատավարութեան ընթացքին դատախազ Կարէն Գաբրիէլեան պահանջած է այս տարուան յուլիսին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանը  ապօրինի հատած հետախոյզներ Տիլհամ Ասքերովը դատապարտել ցմահ, իսկ Շահպազ Կուլիեւը` 22 տարուան բանտարկութեան: Այս մասին յայտնած է «Արցախփրես»-ը:

Յիշեցնենք, որ հետախոյզները յատկապէս կը մեղադրուին   Քարվաճառի 17-ամեայ բնակիչ Սմբատ Ցականեանի եւ զինեալ ուժերու  սպայ Սարգիս Աբրահամեանի սպանութիւններուն, ինչպէս նաեւ Քարվաճառի այլ բնակիչ Կարինէ  Դաւթեանը ծանրօրէն վիրաւորելու յանցանքներուն համար:

Share this Article
CATEGORIES