Սալամ. «Կը Սպասենք Ուղղաթիռներուն, Որպէսզի Հարուածենք Ժիհատականները»
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ յայտարարեց, որ կառավարութիւնը կը սպասէ, որ ֆրանսական զինուորական կազմածներու ծիրին մէջ նախ եւ առաջ ստանայ խոստացուած ուղղաթիռները, «որպէսզի հարուածենք ժիհատականները»:
«Մուսթաքպալ»-ի աղբիւրներ յայտնեցին, որ ուղղաթիռներու համաձայնագիրը պիտի կնքուի վաղը` երեքշաբթի, իսկ զինուորական կազմածները (ուղղաթիռ,…) Լիբանան պիտի հասնին յառաջիկայ երկու-երեք շաբաթներուն:
CATEGORIES Լիբանանեան

