Կաղանդի Նախօրեակին Հայեացքները` Առեւանգուած Զինուորականներուն Եւ Երկխօսութեան Ուղղութեամբ
Այն միջոցին, երբ լիբանանցիք կը պատրաստուին տօնական արձակուրդը «վայելելու» հեռու աշխատանքի առօրեայ հեւքէն, գլխաւոր հիմնահարցերը կը շարունակեն յամենալ: Հիմնահարցերէն գլխաւորը առեւանգեալ զինուորականներու հարցն է, որ տօնական մթնոլորտի փոխարէն մղձաւանջ ստեղծած է անոնց ընտանիքներուն: Արդարեւ, վերջին օրերուն զգալի աճ կրեց թիւը խաղաղարար «միջնորդ»-ներու, որոնք սակայն բոլորն ալ ինքնակոչ են եւ չունին պետական պաշտօնական հանգամանք: Փաստօրէն, այն միջոցին, երբ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ կը շարունակէ իր հանդիպումներն ու խորհրդակցութիւնները քուլիսներու ետին եւ հեռու «իրարանցումէ` այն համոզումով, որ իր խօսքերով` շատ խոհարարներու ներկայութիւնը կրնայ այրել ճաշը», անդին սակայն սալաֆական միջնորդ, շէյխ Ուիսամ Մասրի կը շարունակէ իր ճիգերը` սպասելով պետական կանաչ լոյսին:
Փոխադարձաբար, ՏԱՀԵՇ երէկ Արսալի փոխքաղաքապետ Մոհամետ Ֆլիթիի անունը յայտարարեց իբրեւ միջնորդ: Միւս կողմէ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի թելադրանքով եւ ցուցմունքով, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր վերսկսաւ իր մագոգային «խաղաղարար» նախաձեռնութեան: Այս բոլորին կողքին կայ այլ հաւանականութիւն մը, ըստ որուն, մօտերս «յատուկ» գործողութիւն մը պիտի կատարուի Արսալի ուղղութեամբ` ազատագրելու համար զինուորականները:
Կեցուածքներու ծիրին մէջ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ անհրաժեշտ նկատեց ճիգերու միացումը` զինուորականները ազատագրելու համար փոխանակման սկզբունքով:
«Նահար» օրաթերթին համաձայն, այս գծով ամէն ինչ առկախուած է` սպասելով Քալամունի ճակատին վրայ արձանագրուելիք նորութիւններուն:
Միւս կողմէ, վարչապետ Թամմամ Սալամ ողջունեց որեւէ նախաձեռնութիւն, որ «կը յանգի այս հարցի բարւոք լուծման»: Ան նշեց, որ «նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր ոչ ոքի լիազօրած է բանակցելու համար, գէթ այս մասին զիս տեղեակ չէ պահած»:
Նաեւ` Երկխօսութեան Ճիգերուն Գծով
Ներքին անդորրութեան ու կայունութեան գլխաւոր ենթահող պատրաստելու կոչուած ներքին երկխօսութեան գծով խորհրդակցութիւններն ու հանդիպումները կը շարունակուին քուլիսներու ետին: Արդարեւ, ամիսներէ ի վեր նախատեսուող Հըզպալլա-Մուսթաքպալ երկխօսութիւնը, ըստ իրազեկ աղբիւրներու, բաւական ճամբայ «կտրած» է, եւ արդէն իսկ ճշդուած են խորհրդակցութեանց խորագիրները, որոնց առանցքը կը կազմեն փոխադարձ յարաբերութիւններն ու ապահովական վիճակը: Նախատեսութիւնները տակաւին կեդրոնացած են յառաջիկայ երկուշաբթի, 29 դեկտեմբերին Այն Թինէի մէջ տեղի ունենալիք երկխօսութեան հաւանականութեան վրայ:
Իսկ Աուն-Ժահժահ հանդիպումին գծով մտավախութիւնը փոխադարձ զիջումի կէտին շուրջ է, թէ ո՞վ որո՛ւ պիտի զիջի իր չվայելած «աթոռը»: Մտավախութիւնները կը շեշտուին յատկապէս մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին դրսեւորած յուսալքութեան լոյսին տակ, երբ ան երէկ` կիրակի, իր մտավախութիւնը յայտնեց Լիբանանի ճակատագիրին գծով` հանրապետութեան նախագահի բացակայութեան պայմաններուն մէջ: Դէտեր այս գծով ոչ մէկ նորութիւն կ՛ակնկալեն գէթ մինչեւ ապրիլ 2015: Նմանապէս, մարոնիներու պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը անիմաստ գտաւ մարոնի ղեկավարներու միացեալ նիստի կայացումը` տրուած ըլլալով, որ անոնք տակաւին կառչած են իրենց պայմաններուն: Մազլում եպիսկոպոսը ներկայիս անհաւանական նկատեց նախագահի ընտրութիւնը` սպասելով շրջանային ու միջազգային իրադարձութեանց զարգացումներուն:
Այս ծիրին մէջ, Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանիի այցելութիւնը, որ տեղի պիտի ունենար երէկ, յետաձգուեցաւ այսօր` երկուշաբթի օրուան: Իսկ Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Ֆրանսուա Ֆիյոն շարունակեց իր հանդիպումները եւ տեսակցեցաւ Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

