2015-ին Կ՛աւելնայ Համաշխարհային Դրամատան Օժանդակութիւնը Հայաստանին
Համաշխարհային դրամատունը ներկայացուցած է ընթացիկ տարուան մէջ Հայաստանին տրամադրած դրամական օժանդակութիւնը եւ վերահաստատած, որ 2015-ին դրամատունը պիտի շարունակէ գործակցութիւնը ե՛ւ պետական քաղաքականութեան բարեփոխումներու ուղղութեամբ` տրամադրելով վարկեր, ե՛ւ մասնաճիւղային ծրագիրներու ուղղութեամբ` կատարելով ներդրումներ:
«2014 թուականին ընթացքին գործող ծրագիրներու իրականացման նպատակով փաստացի յատկացուած է աւելի քան 40 միլիոն տոլար: Յառաջիկայ շաբաթ Հայաստանի բարգաւաճման քաղաքականութեան վարկի ծիրին մէջ կը նախատեսուի մեծ` 75 միլիոն տոլար գումարի յատկացումը կառավարութեան», ըսած է Համաշխարհային դրամատան երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Լորա Պէյլի:
Ըստ Համաշխարհային դրամատան հաղորդագրութեան, դրամատունը լիարժէք կերպով պատրաստ է շարունակելու աջակցութիւնը Հայաստանին, այն պահուն, երբ Երեւան կը յարմարի շրջանային եւ միջազգային փոփոխական տնտեսական զարգացումներուն եւ կը ձգտի ձեւաւորել առաւել ամուր տնտեսութիւն, որ կ՛ապաhովէ աշխատատեղեր:
«Աշխատատեղերը Հայաստանի համար բարգաւաճման գերակայ խնդիր են երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ», նշած է հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նաեւ ըսուած է, որ Համաշխարհային դրամատան մասնագիտական խումբերու եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ կը շարունակուին քննարկումները ճամբաներու, ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան, համայնքային բարգաւաճման եւ Հայաստանի ընկերային ներդրումներու հիմնադրամին հետագայ աջակցութիւն ցուցաբերելու ուղղուած ծրագիրներուն վերաբերեալ, որոնք կը ներկայացուին 2015 թուականին ընթացքին:

