Ներկայացուեցաւ Պաշտպանութեան Նախարարութեան Եւ ԵԱՀԿ-ի Գործակցութեան Ծրագիրը

Ohanian_OSCEԵրեւանի մէջ ներկայացուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ԵԱՀԿ-ի  երեւանեան գրասենեակի 2014 թուականի գործակցութեան ծրագիրը:

Հայաստանի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի ղեկավար, դեսպան Անտրէյ Սորոքին 2014 թուականի ընթացքին դասընթացքներուն մասնակիցներուն հաստատագիրներ յանձնած են:

Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ  ծառայութեան, Սէյրան Օհանեան եւ Անտրէյ Սորոքին նաեւ ստորագրած են  համագործակցութեան 2015 թուականի ծրագիրը:

 

Share this Article
CATEGORIES