Հեֆըրն. «Հայաստան Կրնայ Շահիլ Ռուսիոյ Եւ Արեւմուտքի Հետ Յարաբերութիւններէն»

Ճոն Հեֆըրն
«Միացեալ Նահանգներ կը ցանկան աջակցիլ Հայաստանի` ստեղծելու համար ռազմավարական կարելիութիւններ, որպէսզի Երեւան կարենայ շահիլ ե՛ւ Ռուսիոյ, ե՛ւ Արեւմուտքի հետ համագործակցութենէն: Կը կարծենք, Հայաստանի, ինչպէս որեւէ երկրի համար իրապէս կարեւոր է կարելիութիւններ ունենալ, եւ Միացեալ Նահանգներ, ես հոս կրնամ նաեւ խօսիլ Եւրոպական Միութեան անունով, կը ցանկան օգնել, խորացնել համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ տարբեր մարզերու մէջ, որեւէ մարզի մէջ, ուր Հայաստան քաղաքական կամք կը ցուցաբերէ համագործակցութեան քայլ կատարելու: Մենք կը ցանկանք ատիկա ընել որեւէ` տնտեսական, դիւանագիտական, քաղաքական եւ նոյնիսկ անվտանգութեան մարզերուն մէջ», հրաժեշտի ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն:
«Որովհետեւ մենք չենք խորհիր, որ այս համագործակցութիւնը ապարդիւն կ՛ըլլայ», շարունակած է դեսպանը: «Կը հաւատանք, որ Հայաստան կրնայ շահիլ երկու կազմակերպութիւններու, երկու կողմերուն հետ յարաբերութիւններէն ալ: Օրինակ, անվտանգութեան մարզին մէջ Հայաստան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ է եւ դաշնակից է կազմակերպութեան միւս պետութիւններուն հետ: Բայց միաժամանակ ՕԹԱՆ-ի հետ համագործակցութիւնը շատ ամուր է, Հայաստան կը մասնակցի ՕԹԱՆ-ի գործողութիւններուն եւ ՕԹԱՆ-ի միջոցով շատ գործ կը կատարուի պաշտպանական մարզի բարեփոխումներուն կապուած: Ուրեմն, Հայաստան կը շահի երկու կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցութենէն, եւ երկու կազմակերպութիւններն ալ կը շահին Հայաստանի հետ համագործակցութենէն: Եւ ասիկա պէտք է կարելի ըլլայ եւ, կը կարծեմ, կարելի է տնտեսական մարզին մէջ»:

