Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները. Պայէրն Միւնիխ Եւ Մարսէյ` Երթի Ախոյեաններ. Պորուսիա Տորթմունտ` Նախավերջին

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի համար եղան երթի վերջին հանգրուանի մրցումները:

Մինչ Պայէրն Միւնիխ ձմեռնային արձակուրդին սկսաւ 11  կէտի առաւելութեամբ, միւս կողմէ Պորուսիա Տորթմունտ իր 10-րդ պարտութիւնը կրելով գամուեցաւ 17-րդ եւ նախավերջին դիրքին վրայ:

Ինչ կը վերաբերի Ֆրանսայի, Մարսէյ հանդիսացաւ երթի ախոյեան` իր կատարած երէկուան մրցումին 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Լիլի: Անիկա այժմ երեք կէտով կը գերազանցէ Փարիզ Սեն Ժերմէնը, որ չկրցաւ յաղթել Մոնփելիէի (0-0):

Անգլիոյ մէջ Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Արսենալ օտար դաշտերու վրայ հաւասարութիւններ արձանագրեցին:

Լիվըրփուլ պարտութենէ մը փրկուեցաւ, երբ Արսենալի դէմ իր կատարած մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (97-րդ) նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը (2-2):

Մանչեսթըր Սիթի, որ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Քրիսթալ Փալասի, 39 կէտ ունեցաւ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Չելսիի նման, որ այսօր կը մրցի Սթոք Սիթիի դէմ:

Իտալիոյ մէջ Եուվենթուս երեք կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ Ա. Էս. Ռոմայի վրայ, որ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ա. Սէ. Միլանի հետ: Եուվէ յաղթեց Քալիարիի (3-1):

Վերջապէս, Սպանիոյ մէջ Պարսելոնա, որ 5-0 արդիւնքով ջախջախեց Քորտոպային, մէկ կէտով ետ կը մնայ Ռէալ Մատրիտէն (առաջին), որ մրցում մը նուազ կատարած է:

Ստորեւ շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները.

ԱՆԳԼԻԱ. 17-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

Մանչեսթըր Սիթի – Քրիսթալ Փալաս 3 – 0
Ասթոն Վիլա – Մանչեսթըր Եունայթըտ 1- 1
Հալ Սիթի – Սուանզի 0 – 1
Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզ – Ուեսթ Պրումուիչ 3 – 2
Սաութհեմփթըն – Էվըրթըն 3 – 0
Ուեսթ Համ – Լայսթըր Սիթի 2 – 0
Թոթենհամ – Պըռնլի 2 – 1
Նիւքասըլ – Սանտըրլենտ 0 – 1
Լիվըրփուլ – Արսենալ 2 – 2
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ԺԱՄԸ
Սթոք Սիթի – Չելսի 22:00

ԻՏԱԼԻԱ. 16-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

Սասուոլօ – Սեսենա 1- 1
Ա. Էս. Ռոմա – Ա. Սէ. Միլան 0 – 0
Հելաս Վերոնա – Քիեւօ Վերոնա 0 – 1
Աթալանթա – Փալերմօ 3 – 3
Ֆիորենթինա – Էմփոլի 1- 1
Սամտորիա – Ուտինեզէ 2 – 2
Թորինօ – Ճենովա 2 – 1
Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա 2 – 2

ՍՊԱՆԻԱ. 16-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

Պարսելոնա – Քորտոպա 5 – 0
Լեվանթէ – Ռէալ Սոսիետատ 1- 1
Էյպար  – Վալենսիա 0 – 1
Ռայօ Վայեքանօ  – Էսփանիոլ 1 – 3
Վիարէալ – Տեփորթիւօ Քորունա 3 – 0
Կրանատա – Կեթաֆէ 1- 1
Սելթա Վիկօ – Ալմերիա 0 – 1
Էլչէ – Մալակա 1 – 2
Աթլեթիքօ Պիլպաօ – Աթլեթիքօ Մատրիտ 1 – 4

ԳԵՐՄԱՆԻԱ. 17-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

Օկզպուրկ – Մէօնշընկլատպախ 2 – 1
Պայէր Լեւերքուզըն – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ 1- 1
Շալքէ – Համպուրկ 0 – 0
Շթութկարթ – Փատերպոռն 0 – 0
Վերտըր Պրեմըն  – Պորուսիա Տորթմունտ 2 – 1
Վոլֆսպուրկ – Քէօլն 2 – 1
Հերթա Պերլին – Հոֆընհայմ 0 – 5
Ֆրայպուրկ – Հանովըր-96 2 – 2
Մայնց 05 – Պայէրն Միւնիխ 1 – 2
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Մոնփելիէ 0 – 0
Քան – Պասթիա 1- 1
Լորիան – Նանթ 1 – 2
Մես – Մոնաքօ 0 – 1
Ռենն – Ռեմ 1 – 3
Թուլուզ – Կենկան 1- 1
Մարսէյ – Լիլ 2 – 1
Սենթ Էթիեն – Էվիան 3 – 0
Պորտօ – Լիոն 0 – 5
Լանս – Նիս 2 – 0

 

Share this Article
CATEGORIES