Պարգեւատրուեցան Հայաստանի Ուսանողական Մարզական 15-րդ Խաղերուն Յաղթականները
Շաբաթ, 20 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի 15-րդ ուսանողական մարզական խաղերուն լաւագոյնները ճանչցուած ուսանող-մարզիկներուն, Լեհաստանի Քոթովիցէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի աշխարհի համալսարանական ախոյեանութեան 3-րդ դիրքը գրաւած Հայաստանի ճատրակի ուսանողական հաւաքականի անդամներուն եւ աշխարհի համալսարանական ախոյեանութեան արծաթէ մետալի տիրացած կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեանի պարգեւատրման արարողութիւնը:
Նշենք, որ այս խաղերուն մասնակցեցան աւելի քան 3000 ուսանողներ:
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար, Հայաստանի ուսանողական մարզական ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Աշոտեան նշեց, որ յոբելենական ուսանողական խաղերը կարեւոր էին` հասկնալու համար, թէ մարզական աշխարհին մէջ ուսանողական մարմնակրթութեան զարգացման առումով ի՞նչ հեռանկար կը բացուի:
Նախարարը տեղեկացուց ներկաներուն, որ Հայաստանի ուսանողական մարզական ֆետերասիոնը, դառնալով եւրոպական ուսանողական մարզական ֆետերասիոնի լիարժէք անդամ, 2015-ի աշնան Հայաստանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Եւրոպայի ճատրակի համալսարանական անդրանիկ ախոյեանութիւնը:
Նշենք, որ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամը այս օրերուն կազմակերպած է Հայաստանի 15-րդ ուսանողական մարզական խաղերուն յաղթականներուն ծաղկաձորեան հանգիստը:

