«ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ԻՐ ԲՈԼՈՐ ՀԱՐՑԵՐԸ ՀԻՄՆՈՎԻՆ ԼՈՒԾԵԼՈՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՌԻԹԻ ՄԸ ԴԻՄԱՑ» ԸՆԴԳԾԵՑ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ

Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած խօսքին ընթացքին

Կազմակերպութեամբ Հըզպալլայի, երէկ երեկոյեան Պէյրութի հարաւային արուարձաններու «Ռայա» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ յաղթանակի եւ արժանապատուութեան փառատօն մը, որ նուիրուեցաւ 2006-ի Յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակին:

Լիբանանի դէմ սանձազերծուած իսրայէլեան պատերազմի յաղթանակին հնգամեակը նշելու այս ձեռնարկին ընթացքին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ Յուլիսեան յաղթանակը Հըզպալլայի կամքը, հաւատքը եւ պայքարելու ոգին հզօրացուցած է եւ իր կեցուածքներուն ու գաղափարներուն նկատմամբ իր համոզումը ամրապնդած, մինչդեռ Իսրայէլի մօտ շփոթ եւ քաոս ստեղծած է` խախտելով վստահութիւնը` անոր ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն միջեւ, իշխանութիւններուն եւ բանակին միջեւ, ինչպէս նաեւ ներքին բանակային մակարդակի վրայ:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ այս մէկը Դիմադրութեան համար կարեւորագոյն եւ ռազմավարական արդիւնքն է:

Ան աւելցուց, որ իսրայէլացիները փորձած են իրենց պարտութիւնն ու ձախողութիւնները թեթեւցնել եւ իսրայէլացիները մխիթարել «Շրջադարձ» կոչուած ռազմափորձերով:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Իսրայէլ իր շղթայազերծած պատերազմէն ոչ մէկ նպատակ կրցաւ իրագործել: «Ան ո՛չ կրցաւ ջնջել կամ տապալել Հըզպալլան, ո՛չ կրցաւ գերեվարուած իր երկու զինուորները առանց բանակցութեան ազատ արձակել եւ ո՛չ ալ կրցաւ Նոր Միջին Արեւելքի քարտէսը իրականացնել», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա` ընդգծելով, որ Իսրայէլ այս հանգրուանին հարիւր միլիոնաւոր տոլարներու գումարներ կը ծախսէ` աղաւաղելու համար Դիմադրութեան պատկերը, նկատել տալով, որ Դիմադրութեան դէմ պայքարի նոր ձեւը Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանն է, որ Դիմադրութիւնը կ՛ամբաստանէ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցանքով:

Այս ծիրին մէջ, սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ եթէ իսրայէլացիք Լիբանան պիտի վերադառնան, ապա հոն միայն պարտութիւն եւ ձախողութիւն պիտի համտեսեն: Ան ըսաւ, որ Դիմադրութիւնը պատերազմի չի ձեռնարկեր, սակայն ինքզինք, իր հողերը, արժանապատուութիւնը, Լիբանանը եւ լիբանանցիները լաւապէս կը պաշտպանէ:

Անդրադառնալով Լիբանանի ծովային սահմանագծումի հարցին եւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող բնական կազի ու քարիւղի թղթածրարին` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ այդ թղթածրարը Լիբանանի կառավարութեան եւ իւրաքանչիւր լիբանանցիի համար առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ, որովհետեւ այդ իրականութեան շնորհիւ Լիբանան կրնայ հարուստ երկիր մը դառնալ:

«Լիբանան կը գտնուի հարստանալու եւ իր բոլոր հարցերը հիմնովին լուծելու պատմական եւ ոսկեայ առիթի մը առջեւ», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Ան շեշտեց, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ կը գտնուի բնական հարստութիւն` կազ եւ քարիւղ, որոնք հարիւրաւոր միլիառ տոլարի գումարներու արժէք ունին, «սակայն լիբանանցիները պէտք է կարենան դուրս գալ տղայական իրենց վարուելակերպէն եւ ազգային պատասխանատուութեամբ վարուին` պահպանել կարենալու համար երկրին սեփական հարստութիւնը», ընդգծեց սէյիտ Նասրալլա:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը նաեւ հաստատեց, որ կայ 850 քառ. քիլոմեթր տարածութիւն մը, ուր Իսրայէլ ինքնագլուխ սահմանագծում կատարած է եւ իր սահմաններուն մէջ առած է այդ տարածքը, ուր նաեւ հարիւրաւոր միլիոնի արժողութեամբ քարիւղ կայ:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ ըստ լիբանանեան պետութեան, այդ սահմանները լիբանանեան են եւ իբրեւ այդպիսին, Դիմադրութիւնը այդ տարածքին հետ կը վարուի իբրեւ լիբանանեան սահմաններ:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է արդէն գործադրութեան անցնի եւ սկսի պեղումներ կատարել, ապա գտնուած քարիւղն ու կազը արտաբերել:

Այս շրջագիծին մէջ ան հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը կրնայ պաշտպանել նաեւ պեղման միջազգային ընկերութիւնները:

Սէյիտ Նասրալլա սպառնաց Իսրայէլին, որ եթէ ան իր ախորժակները սրէ եւ ձեռք երկարէ Լիբանանի բնական հարստութեան, ապա «պէտք է նկատի ունենայ նաեւ իր բնական հարստութիւնները եւ քարիւղի հանքերը, որոնց շատ դիւրաւ կրնանք մեր ձեռքերը երկարել»:

Ան կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան լիբանանեան ջուրերուն պատկանող 850 քառ. քիլոմեթր տարածութեան համար քաղաքական եւ դիւանագիտական ճիգերը շարունակելու, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն զօրակցելու կառավարութեան, որպէսզի երկրին ազգային այդ հարստութիւնը բաժնուի բոլոր լիբանանցիներուն:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ յաջորդ հանգրուանին իսրայէլեան գոռոզութիւնները հոգեբանական պատերազմներ են: Ան կոչ ուղղեց պահպանելու Լիբանանի ուժը:

Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքը եզրափակեց Ռամատանի առիթով իր օրհնութիւնները փոխանցելով լիբանանցիներուն:

Share this Article
CATEGORIES