ՖԻՆԻՒԼ-Ի ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀ ՈՒԺԵՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԹԻՐԱԽ` ԱՆԱՐԳ ՊԱՅԹՈՒՄԻ ՄԸ
Հարաւային Սայտայի մէջ եւ շրջանի նշանաւոր աղբակոյտին մօտակայքը գտնուող բացատին մօտ երէկ երեկոյեան արձանագրուեցաւ պայթում մը, որ թիրախ դարձուց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ֆրանսական շրջուն ջոկատը:
Սայնիք շրջանին մէջ պատահած պայթումին պատճառով վիրաւորուեցան երեք ֆրանսացի զինուորներ:
Ըստ նախնական հետաքննութեան, ՖԻՆԻՒԼ-ի զրահապատը պայթումի թիրախ դարձած է ականով մը, որուն մասին յստակ տեղեկութիւններ չներկայացուեցան ապահովութեան ուժերուն կողմէ:
Լիբանանեան բանակը եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը փութացին պայթումին վայրը` օժանդակելու համար վիրաւորներուն, ինչպէս նաեւ շրջափակեցին միջադէպին վայրը եւ հետաքննութիւն բացին պայթումին առնչութեամբ:
Ապահովական ուժերը ձերբակալեցին նաեւ 12 կասկածելիներ, որոնք ենթարկուեցան հարցաքննութեան:
Նշենք, որ երկու ամսուան մէջ երէկուան պայթումը երկրորդն է` ուղղուած ՖԻՆԻՒԼ-ին դէմ, իսկ անիկա երրորդ պայթումն է, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի դէմ կը կատարուի Սայտայի մէջ:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ անձնական արձակուրդի շրջագիծին մէջ կը գտնուի Ֆրանսա, խստիւ դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ին դէմ գործուած պայթումը եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ ներքին գործոց ու պաշտպանութեան նախարարներուն հետ` անոնցմէ պահանջելով անմիջական հետաքննութիւն մը բանալ` բացայայտելու համար պայթումին դրդապատճառները:
Վարչապետ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնի հետ եւ լիբանանեան պետութեան անունով դատապարտեց պայթումը:
Միւս կողմէ, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու պաշտօնական բանբեր Նիրաժ Սինկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին այցելեց պայթումին վայրը, ուր յայտնեց, որ պայթումի թիրախ դարձած ՖԻՆԻՒԼ-ի ֆրանսական զրահապատին մէջ կը գտնուէին 5 զինուորներ, որոնցմէ երեքը վիրաւորուած էին եւ փոխադրուած «Համմուտ» հիւանդանոց:
Սինկ դատապարտեց պայթումը` շեշտելով, որ ՖԻՆԻՒԼ պիտի շարունակէ հարաւային Լիբանանի մէջ իր առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակէ իր սերտ գործակցութիւնը լիբանանեան բանակին հետ:
«ՖԻՆԻՒԼ ամուր գործակցութիւն ունի լիբանանեան բանակին հետ եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ բացայայտելու համար պայթումին վերաբերող մանրամասնութիւններն ու պիտի պատժէ յանցագործները», ըսաւ Սինկ: