Յուշատետր. Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ (391)

Ռ. Հ.

Արմատական

 

hratcya-ajarian_16-4-13Քանի որ խօսք բացինք «Արմատական բառարան»-ի հեղինակ Հրաչեայ Աճառեանի մասին, եկէք` քիչ մը աւելի լաւ ճանչնանք այս ինքնատիպ մարդը: Ասիկա ճիտի պարտք մըն է մեզի նման մէկու մը համար, որ կը սիրէ ման գալ հայոց լեզուի բառարաններուն մէջ:

Պոլսահայը որքա՞ն կը ճանչնայ Աճառեանը, հակառակ որ ան բնիկ պոլսեցի էր: Մեր երանաշնորհ Շնորհք պատրիարքը Աճառեանի անունով մկրտած էր Սամաթիոյ մէջ սահակեանցիներու հաւաքոյթի սրահը: Սամաթիա թաղ մըն է, որ ընդհանրապէս հայախօս չէ: Ունի հրաշալի ժողովուրդ, բայց` ոչ հայախօս: Շնորհք պատրիարք սամաթիացներուն եւ ամբողջ պոլսահայ ժողովուրդին բա՞ն մը ըսել ուզած էր արդեօք, երբ հայոց լեզուի ամէնէն հեղինակաւոր գիտնականին, ամէնէն նշանաւոր հայագէտին, հայոց լեզուի գրեթէ բոլոր բարբառները ուսումնասիրողին անունը տուած էր այդ սրահին: Թէ ոչ պարզապէս նկատի առած էր, որ Աճառեանը սամաթիացի էր:

Քանի՞ լեզու գիտէր: Ուսանողներէն մէկը ուրիշ ուսանողի մը այս հարցումին պատասխանած էր քիչ մը չափազանցութեամբ:

– 1500 լեզու:

– Բայց աշխարհի վրայ այդքան շատ լեզու կա՞յ:

– Միեւնոյնն է: Եթէ ըլլար, Աճառեան բոլորն ալ կը սորվէր:

Բայց այդ 1500 լեզուներուն մէջ կար լեզու մը, որ ամէն բան կ՛արժէր Աճառեանին համար եւ անշուշտ անիկա հայերէնն էր: Ան ծնած էր Պոլիս, 1876-ին, աւարտած էր Կեդրոնական վարժարանը, միջոց մը պաշտօնավարած էր Գատըգիւղի Արամեան, ապա Կարնոյ Սանասարեան վարժարաններուն մէջ, յետոյ Փարիզ գացած էր, ուսանած էր Սորպոնի համալսարանին մէջ: Մասնագիտանալէ ետք գացած էր Հայաստան, ուսուցչի պաշտօն վարած էր Էջմիածնի, ապա Շուշիի, Նոր Պայազիտի, նոր Նախիջեւանի, Թեհրանի, Թաւրիզի մէջ: 1923-ին հրաւիրուած էր Երեւանի պետական համալսարան` կեանքին մինչեւ վերջը աշխատելու որպէս դասախօս ու ամպիոնի վարիչ:

Շատեր պիտի չհաւատան, եթէ կարդան, որ Աճառեանի նման գիտնական մը, որ այդքան շատ լեզու գիտէր, իր գիտցած լեզուներուն պատճառով պիտի բանտարկուէր ու երկար տարիներ պիտի մնար բանտի մէջ: Խորհրդային վարչակարգի օրերուն գաղտնի ոստիկանութիւնը կասկածած էր Աճառեանի այդքան շատ լեզու գիտնալէն ու զայն ամբաստանած էր լրտեսութեամբ: Իր մասին հիւսուած մանրավէպերէն մէկուն մէջ կը պատմուի, որ քննիչ ոստիկանը թուղթ-մատիտ մը դրած էր Աճառեանի առջեւ եւ ուզած էր, որ գրէ անունները այն երկիրներուն, որոնց համար լրտեսութիւն կ՛ընէր: Աճառեան որեւէ յանցանք չէր գործած, բայց գիտէր, որ հերքելը անօգուտ էր. ուստի կ՛ընդունէր:

– Գերմանիո՞յ: Այո: – Ֆրանսա՞յի: Այո:- Իտալիո՞յ: Այո: – Թուրքիո՞յ:

Այս վերջինին ոչ կը պատասխանէր Աճառեան:

adjarian-oval16-4-13Հայ մշակութային կեանքի մէջ քիչ մտաւորական կայ, որ Աճառեանի չափ շատ բան գրած ըլլայ, հակառակ որ այդ գրուածները խիստ մասնագիտական նիւթեր էին: Պիտի չկարենամ պատասխանել, եթէ հարցուի, թէ քանի՞ տեսակ բառարան գրած է Աճառեան: Բայց պիտի կարենամ համրել գոնէ անոնցմէ գլխաւորները: «Հայ բարբառներու դասակարգումը», «Հայ բարբառագիտութիւն», «Հայերէնի գաւառական բառարան», «Հայերէն արմատական բառարան», «Հայոց անձնանուններու բառարան», «Հայոց լեզուի պատմութիւն», «Լիակատար քերականութիւն հայոց լեզուի` համեմատութեամբ 562 լեզուներու»:

Ուսանողը եթէ չափազանցած էր, երբ ըսած էր, որ Աճառեան 1500 լեզու գիտէր, գոնէ պիտի կարենանք ըսել, որ Աճառեան 562 լեզուներու հետ կրցած էր բաղդատել հայոց լեզուի քերականութիւնը: Իսկ իր կոթողային «Արմատական բառարան»-ը արդիւնք էր ճիշդ քառասուն տարիներու աշխատանքի:

Աճառեան մեռաւ 1953-ին, Երեւանի մէջ: Ինքը գնաց, բայց իր առասպելային համբաւը մնաց, մնացին նաեւ իր մասին հիւսուած զուարթ մանրավէպերը: Յայտնի է, որ Աճառեան իսկապէս ինքնատիպ մարդ մըն էր, ո՛չ միայն զուարթ, այլ նաեւ` ծիծաղաշարժ: Անգամ մը երազին մէջ տեսած էր, որ կը մեռնի, հաւատացած էր: Յաջորդ առաւօտ բեռնակիր մը կանչած էր եւ իր բոլոր անտիպ աշխատասիրութիւնները, թուղթերը, ձեռագիրները լեցուցած էր սնտուկի մը մէջ ու բեռնակրին հետ գացած էր համալսարան, ելած էր տեսուչին առջեւ: Տեսուչին ըսած էր, որ ինք մեռնելու վրայ է, ուստի այս թուղթերը պէտք է պահուին ու օգտագործուին: Տեսուչը զարմացած էր.

– Աճառեա՛ն, դուն շատ առողջ ես, բան չունիս,- ըսած էր:

Բայց Աճառեան չէր համոզուած: Եւ երբ տեսուչը իր օգնականները կանչելով` անոնց յանձնած էր սնտուկը ու հրահանգած էր, որ լաւ պահպանեն այս թուղթերը, Աճառեան տուն վերադարձած էր հանգիստ սրտով:

Բայց կ՛անցնի օր մը, երկու օր, քանի մը շաբաթ ու Աճառեան չի մեռնիր: Օր մըն ալ դարձեալ բեռնակիրը կը կանչէ ու կ՛երթայ համալսարան, կ՛ելլէ տեսուչին առջեւ:

– Ես սնտուկս ետ առնելու եկայ,- կ՛ըսէ:- Այլեւս չեմ մեռնիր:

Տեսուչը կը խնդայ,

– Բայց ես չէի՞ ըսած, որ առողջ կ՛երեւիս:

Չեմ գիտեր, թէ որքա՞ն ճիշդ է այս պատմութիւնը, բայց հոս նախադասութիւն մը կը գամուի մտքիս մէջ:

«Ես այլեւս չեմ մեռնիր»: Ճիշդ ըսած էր Աճառեան:

Ան իր ողջութեան պատրաստած էր արդէն իր գերեզմանը: Պաշտօնեաները զարմացած էին, որ ինչպէս չէր վախնար իր մահուան մասին խօսելէ: Աճառեան պատասխանած էր.

– Մահուընէ թող վախնան անոնք, որոնք իրենց կենդանութեան արդէն մեռած են:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )