1915-ի Մասին Նոր Գիրք Մը Թրքերէնի Թարգմանուած. Հայկական Հարցին Ուրուականը Թուրքիոյ Մէջ
ՄԱՐՄԱՐԱ
«Իլեթիշիմ» թրքական հրատարակչատունը վերջերս հրատարակեց Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրի առնուած նոր գիրքի մը թրքերէն թարգմանութիւնը, որ կը կոչուի` «Թուրքիա ու հայկական ուրուականը – քայլեր` ցեղասպանութեան հետքերուն վրայ»: Գիրքին զոյգ հեղինակներն են` ֆրանսական «Ֆիկարօ» թերթի աշխատակից Լոր Մարշան եւ «Լը Մոնտ» թերթի Թուրքիոյ թղթակից Կիյոմ Փերիէ: Երկու հեղինակներուն կողմէ գրի առնուած գիրքը կը քննարկէ 2004-էն ասդին Թուրքիոյ` Եւրոմիութեան անդամակցութեան բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները ու այս կարգին` տարբեր տեսանկիւնէ մը վկայութիւններ կը բերէ Հայկական հարցին` այդ հարցը նկատելով ամէնէն նուրբ խնդիրներէն մէկը:
Երկու ֆրանսացի հեղինակները իրենց այս գիրքին մէջ կը խօսին անունները փոխուած գիւղերու, այդ գիւղերուն մէջ տուներն ու եկեղեցիները փլցուած, սպաննուած, կամ սա կամ նա կերպով վերապրած մարդոց զաւակներուն ու թոռներուն պատմածներուն մասին եւ այդ կերպով պաշտօնական պատմութեան դիմաց անկէ բոլորովին տարբեր պատմութիւն մը կը դնեն:
18 բաժիններէ բաղկացեալ գիրքին հեղինակները այստեղ ի մի բերած են Ֆրանսայի, Պոլսոյ ու Անատոլուի զանազան քաղաքներուն մէջ իրենց հաւաքած տեղեկութիւնները, նաեւ բերած են վկայութիւններ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն թոռներէն, խօսած են Սեւան Նշանեանի պատահարին մասին, դպրեվանքին մասին, որմէ շրջանաւարտ եղած է Հրանդ Տինք, կամ` Թիքքոյի միլիթաններուն մասին, որոնք իրենց կազմակերպութիւնը հիմնած են 24 ապրիլ 1972-ին:
Գիրքին թրքերէն թարգմանութիւնը կատարուած է Ռենան Աքմանի կողմէ, որ կը յայտնէ, թէ այս թարգմանութիւնը կատարեց մօտաւորապէս վեց ամսուան աշխատանքով: Անոր կարծիքով, այս գիրքը խորունկ ազդեցութիւն պիտի գործէ թուրք երիտասարդներուն վրայ եւ երիտասարդութիւնը ճամբայ պիտի հանէ դէպի ճշմարտութեան ցնցիչ ուղեւորութիւն մը: Աքման, որ խօսած է «Տեմոքրաթ Հապեր» կայքէջին լրագրող Հրանդ Գասպարեանին հետ, յայտնած է, որ հեղինակները իրենց գիրքին մէջ ունին վարպետօրէն գործածուած ու շատ սահուն ոճ մը: Թարգմանիչը ինքն ալ խորապէս ազդուած է Հայկական հարցի մասին իր այստեղ կարդացածներէն, ցնցիչ տպաւորութիւն կրած է Տէրսիմի հայերուն մասին պատմուածներէն, Մարսէյի մէջ «Փոքրիկ Հայաստան» մը հիմնած այն հայերէն, որոնք Ցեղասպանութեան վերապրողներ էին, այն այցելութիւններէն, որ սփիւռքի մէջ ապրող հայեր սկսած են տալ դէպի իրենց մայր հայրենիքը, նաեւ հայերը փրկել ջանացող օսմանեան պաշտօնատարներու պատմութիւններէն: Թարգմանիչը դիտել կու տայ, որ այս գիրքը տխուր ուղեւորութեան մը պատմութիւնն է:
Գիրքին ծանօթացումը կատարուեցաւ Թաքսիմի Ֆրանսական հիւպատոսարանին մէջ սարքուած շնորհահանդէսով մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ հեղինակ Լոր Մարշան:
Ժխտական Մեկնաբանութիւն
«Ապսպրուած Գիրք Մը»
«Սէօզճիւ» թերթի սիւնակագիր Սոներ Եալչըն արհամարհական ոճով կը խօսի Կիյոմ Փերիէ անուն հեղինակի մը կողմէ Հայկական հարցին վրայ գրի առնուած գիրքի մը մասին, որուն հեղինակը «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութենէն 3000 եւրօ ստացեր է որպէս գիրքի պատրաստական աշխատանքի վարձք: Յօդուածագիրը այս պատճառով կը պնդէ, որ գիրքը ապսպրանքի վրայ գրուած գիրք է:
Հարցը հետեւեալն է. Սոներ Եալչըն «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի 2012 տարեթիւի գործունէութեան տեղեկագրին մէջ տեսեր է, որ Կիյոմ Փերիէի յաձնուած է 3.000 եւրօ` Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած իր գիրքի պատրաստական աշխատանքին համար: Յօդուածագիրը այսպէս կը գրէ.
«Կը նշանակէ, որ գիրքը ապսպրուած էր: Լա՛ւ, բայց գիրքին շնորհակալութեան ցանկին մէջ, հակառակ որ հոն յիշուած են Օսման Գաւալային, Օրալ Չալըշլարին կամ Ճենկիզ Աքթարին անունները, ինչո՞ւ բնաւ չէ խօսուած «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան մասին, որմէ գումար ստացած էին:
«Գիրքին հեղինակները շարունակ գանգատած են, որ Թուրքիոյ պետութիւնը վարձած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացող ֆրանսացիներ: Հիմա պէտք չէ՞ որ անոնց հարցնենք, թէ վարձուածը իրենք չե՞ն:
«Եւ գիրքի հեղինակներուն ահա հարցումներ. ինչպէ՞ս կատարուեցաւ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հետ սակարկութիւնը, 3000 եւրոն տրուած էր միայն որպէս պատրաստութեան գումար, մնացեալն ալ եկա՞ւ աւելի վերջ, արդեօք այս գումարին մէկ մասն ալ անպաշտօ՞ն կերպով տրուեցաւ, որպէսզի չարձանագրուի: Այս յերիւրածոյ տեսակցութիւնները կատարուած են մարդոց հետ, որոնց անունները գաղտնի կը պահուին, այդ վկաներուն ալ դրամ վճարուեցա՞ւ, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի փափաքին համաձա՞յն է, որ շարունակ կը խօսիք կալուածները վերադարձնելու մասին, եթէ լրագրող էք, կրնա՞ք իւրացնել ապսպրանքի վրայ գիրք մը գրելու գործողութիւնը: Մի՛ մոռնաք այն, ինչ որ ըսած էր «Լը Մոնտ» թերթի հիմնադիր Հիւպեր Պով-Մերի. «Մարդ չի կրնար նոյն պահուն ծառայել թէ՛ դրամին, թէ՛ ճշմարտութեան»: Բայց այստեղ Արեւելք է, խաբէ՛, որքան որ կրնաս»: