Միջինարեւելեան «Շինիչ Քաոս»

ՎԱՀԱՆ Գ. ՊԶՏԻԿԵԱՆ

1223Chaos-21223Chaos-12006 թուականի ամրան, Իսրայէլ- Հըզպալլա պատերազմի ընթացքին, երբ իսրայէլեան բանակը կը ռմբակոծէր Լիբանանը, պատճառելով մարդկային, նիւթական եւ ենթակառուցային հսկայ վնասներ, լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով` Քոնտոլիզա Ռայս` օրուան Միացեալ Նահանգների արտաքին գործոց նախարարը, բացատրեց, թէ պատահածը` «Շինիչ  քաոս» (Creative Chaos) մըն է, որ «Նոր Միջին Արեւելք»-ի ծննդաբերութեան ցաւերը կը պատճառէ:

Ցաւերը զօրաւոր էին, սակայն «Նոր Միջին Արեւելք»-ի ծնունդը վիժեցաւ…

Իսրայէլեան պարտութեան համազօր ոչյաղթանակը շեղեց գործընթացը, եւ անտեղեակ դիտորդին համար «Նոր Միջին Արեւելք»-ի գաղափարը առեղծուած մնաց: Սակայն ծրագիրը մնաց ի զօրու:

«Նոր Միջին Արեւելք»-ի Պատկերացումը

«Նոր Միջին Արեւելք»-ի գաղափարը գոյութիւն ունեցած է տասնամեակներէ ի վեր. այդ կը կոչուէր «Քիսինճըրեան ծրագիր», որուն առաջին փորձը եղաւ 1974-ին, Կիպրոսի բաժանումով: Ծրագիրը կը կայանայ Միջին Արեւելքը բաժնելու ցեղային, կրօնական հիմքերով փոքր պետութիւններու, որոնք նոյնիսկ եթէ իրարու դէմ տեւական պատերազմներու մէջ չըլլան, որեւէ ատեն կարողականութիւնը չունենան Իսրայէլի ապահովութեան սպառնալու: Այս ծրագիրը, ընկերակցող քարտեսներով, տեսութեան վերածուեցաւ Ռալֆ Փիթըրզ անունով ամերիկեան բանակի հանգստեան կոչուած տեղակալ գնդապետի մը կողմէ եւ այսօր ան ուսուցման նիւթ կը հանդիսանայ ամերիկեան զինուորական ակադեմիաներու եւ ՆԱԹՕ-ի մէջ:

«Նոր Միջին Արեւելք»-ի ստեղծման գործընթացի շեղումի տարողութիւնը լաւապէս ըմբռնելու համար հարկ է վերադառնալ 2003-ի Իրաքեան պատերազմի հետեւանքներուն, երբ Սատտամ Հիւսէյնի իշխանութեան փլուզումով, քիւրտ եւ մանաւանդ Իրաքի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կազմող շիա բնակչութիւնը շունչ առաւ տասնամեակներու հալածանքէ ետք:

1223Chaos-3Նոր շունչով եւ անիրաւուածի վճռակամութեամբ, Իրաքեան, ընդյատակեայ դարձած շիաներու «Իսլամական տաուլա» (իսլամական կոչ) կուսակցութիւնը եւ նորաստեղծ կրօնա-քաղաքական կազմակերպութիւններ, Մոքթատա Սատրի նման կրօնական անձնաւորութիւններու ղեկավարութեամբ, հրապարակ ելան ու Իրանի օրհնութեամբ եւ օգնութեամբ զինեալ պայքար բացին, իշխանութեան հասնելու նպատակով:

Ամերիկա-Իրան սուր հակամարտութեան պատճաոով Իրաք գտնուող 100-130 հազար բանակայինները շարժուն թիրախները դարձան շիա մարտական ուժերուն: Տարբեր կազմակերպութիւններ (իսլամ սիւննի համայնքի անդամներէ բաղկացած) եւս կը պայքարէին ամերիկեան ներկայութեան դէմ, ներքին թէ արտաքին դրդապատճառներով:

Զինեալ դիմադրութեան արդիւնքը եղաւ այն, որ Միացեալ Նահանգներ արագացուց Իրաքէն իր ուժերը քաշելու որոշումը եւ, այդ որոշումի գործադրութեամբ, հոն հաստատուեցաւ կառավարութիւն մը, որ նկատի առած ուժերու համեմատութիւնը` անցաւ իրանամէտ կազմակերպութիւններու ուղղակի ազդեցութեան տակ:

Վերջին հաշուարկով, Իրաքի մէջ ամերիկեան զինուորական յաղթանակը Միացեալ Նահանգների համար վերածուած էր քաղաքական եւ ռազմավարական մղձաւանջի, Աֆղանիստանի արեւմտեան պարսկախօս շրջանէն մինչեւ Միջերկրականի ափը, անցնելով Իրանէն, Իրաքէն, ներառելով Սուրիան եւ Լիբանանի հարաւը, որ վերածուած էր իրանան ազդեցութեան գօտիի: Այս իրավիճակը ահազանգ հնչեցուցած էր նաեւ Իսրայէլի մէջ եւ խոր մտավախութիւն` Իրանի կրօնական, քաղաքական եւ տնտեսական մրցակից Ծոցի արաբական էմիրութիւններուն մէջ:

Չէզոքացնելու համար իրանան շրջանային ազդեցութիւնը եւ տեւական կերպով երաշխաւորելու համար Իսրայէլի ապահովութիւնը` անհրաժեշտ էր «Նոր Միջին Արեւելք-ի ստեղծումը: 2006-ի Հըզպալլան Հարաւային Լիբանանէն տեղահանելու Իսրայէլեան ձախող փորձէն ետք «Նոր Միջին Արեւելք»-ի ստեղծման համար շատ աւելի հիմնական քայլեր պէտք էր առնուէին:

«Նոր Միջին Արեւելք»-ի Ծրագրի Իրականացման
Յաջորդ Քայլերը

Իրանի գերիշխանութիւնը շրջանէն վերացնելու համար «Նոր Միջին Արեւելք»-ի ծրագրի իրագործման առաջին հանգրուանը կը կայանար Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի բաժանումին մէջ: Իրաքի մէջ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ դաշնակից քրտական ինքնավար շրջանի ստեղծումով բաժանման առաջին քայլը առնուած էր, սակայն երկրի մնացեալ տարածութիւնը կը գոյատեւէր իբրեւ մէկ ամբողջութիւն` շիա մեծամասնութեամբ իրանամէտ կառավարութեան հսկողութեան տակ: Հարկ էր սիւննի բնակչութեան ապրած շրջանները անջատել:

1223Chaos-4Սուրիա Իրանի դաշնակից էր, եւ իշխող փոքրամասնութիւնը կրօնով շիաներէ յառաջ եկած ալեւի դաւանանքին կը պատկանէր: Հոս եւս սիւննի ընդդիմութեան կարիքը կար, որ թէեւ պէտք չէր չկարենար երկրին տիրանալ իր ամբողջութեան մէջ, բայց կարենար երկիրը բաժանումի առաջնորդել: Լիբանանի մէջ արդէն գոյութիւն ունէր հակահըզպալլա սիւննի ճակատ մը, որ հարկ էր աշխուժացնել եւ աւելի մարտունակ ուժերով օժտել:

2010 մարտին սկսան խլրտումները Սուրիոյ Տարաա քաղաքին մէջ, որոնք շուտով վերածուեցան քաղաքացիական պատերազմի ամբողջ երկրի տարածքին: Տեղացի սիւննի համայնքի ըմբոստ զինեալները բաւարար չէին համեմատաբար հզօր սուրիական բանակին լուրջ մտահոգութիւն պատճառելու համար, սակայն շնորհիւ տասնեակ հազարաւոր վարձկան կռուողներու եւ աստղաբաշխական գումարներու հասնող զինամթերքի առաքումով` պատերազմը շարունակուեցաւ եւ մօտ օրէն պիտի թեւակոխէ իր հինգերորդ տարին, առանց յաղթողի կամ յաղթուողի:

Վարձկաններու եւ զինամթերքի առաքումը տեղի կ՛ունենայ Թուրքիոյ տարածքներէն եւ անոր  հսկողութեամբ: Թուրքիա քաջածանօթ ըլլալով Սուրիոյ բաժանումի ծրագրին` կը ձգտի հողատարածք մը ապահովել Սուրիոյ հիւսիսային սահմանի ամբողջ երկայնքին վրայ, ներառելով Հալէպ քաղաքը, Օսմանեան կայսրութեան լուծին տակ գտնուած հողամասերու վերադարձի երազով: Նոյն ատեն Թուրքիա կ՛ուզէ Սուրիոյ քիւրտ փոքրամասնութեան չէզոքացումը` նկատի առած անոնց Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) հետ ունեցած սերտ գործակցութիւնը: Իսկ Թուրքիոյ հիմնական նպատակը Միջին Արեւելքի մահմետականութեան ղեկավարի դիրքին հասնիլն է:

Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի հակապետական ուժերու ֆինանսաւորումը կ՛ապահովուի մեծ համեմատութեամբ Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի կողմէ, ուղղակի կամ անուղղակի միջոցներով: Սէուտական Արաբիան, անկախ իր ունեցած սուր հակամարտութիւնէն` Իրանի դէմ շրջանային ուժ դառնալու պայքարին մէջ, Քաթարի հետ տնտեսական հսկայ ակնկալութիւններ ունին, որոնք կախեալ են պատերազմի ելքէն:

Տնտեսական Ազդակներ

Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը կը ծրագրեն իրենց քարիւղը եւ բնական կազը քարիւղամուղի եւ կազամուղի միջոցով հասցնել Միջերկրական` անկէ արտածելու համար դէպի Եւրոպա, նպատակ ունենալով մրցակցիլ ռուսական քարիւղին եւ կազին հետ: Աշխարհագրականօրէն, քարիւղի եւ կազի խողովակները Ծոցի երկիրներէն Միջերկրականի արեւելեան ափը կրնան հասնիլ միայն ու միայն Սուրիական տարածքը կտրելով, բան մը, որ անկարելի կը թուի, ըլլալ այնքան ատեն որ Ռուսիոյ դաշնակից իշխանութիւններ կան սուրիական պետութեան գլուխը:

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Ռուսիա կորսնցուց իր գերպետութեան հանգամանքը, թողելով Միացեալ Նահանգներն իբրեւ միահեծան տէր, սակայն շնորհիւ իր հսկայ բնական հարստութիւններուն ու տնտեսական աստիճանաբար հզօրացման, սկսաւ իր տեղը վերակերտել միջազգային քաղաքական բեմին վրայ: Այդ գործընթացին զինուորական առաջին արտայայտութիւններէն մէկը երեւցաւ 2006-ի Լիբանանի պատերազմին, երբ Ռուսիա Սուրիոյ միջոցով Հըզպալլային հասցուց հակահրասայլային որակականօրէն գերազանց հրթիռներ, որոնք հսկայ նիւթական վնասներ պատճառելով իսրայէլեան բանակին` վերջ դրին պատերազմին:

Միացեալ Նահանգներ հետամուտ ըլլալով Ռուսիոյ տնտեսական հզօրացումը կասեցնելու, կամ շրջելու, գլխաւոր միջոցներէն մէկը նկատեց Ռուսիոյ ուժանիւթի շուկայի (Եւրոպայի) մէջ լուրջ մրցակցութիւն յառաջացնել: Այդ դերը վիճակուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարին, որոնք իբրեւ մրցակից մտնելով սոյն շուկային մէջ եւ այդպիսով մեծամեծ նիւթական ակնկալութիւններ ունենալով` պէտք էր հոգային շրջանին մէջ տարուող պատերազմներու ֆինանսաւորումը:

Պատերազմի Երկրորդ Փուլը

1223Chaos-5Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը սկսելէ չորս տարի ետք, հակառակ գործածուած հսկայական միջոցներուն, ակնկալուած արդիւնքները հեռու էին իրագործուելէ` շնորհիւ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Հըզպալլայի քաղաքական, զինուորական եւ նիւթական օժանդակութիւններուն` սուրիական իշխանութիւններուն:

Ընդիմադիր «ըմբոստ» ուժերու ճակատը հեռու էր լուրջ վտանգ մը ներկայացնելէ իշխանութիւններուն` ներքին մրցակցութիւններու, պառակտումներու եւ հակասութիւններու պատճառով: Հարկ էր կուռ կազմակերպութեամբ մը պայքարը շարունակել:

Գետնի վրայ կռուող կազմակերպութիւններէն երկուքը միայն` «Ժապհաթ Նուսրա» եւ «ՏԱՀԵՇ» (ISIS), թրծուած ըլլալով Իրաքի մէջ հակաամերիկեան զինեալ ըմբոստութեան եւ քաղաքացիական պատերազմին մէջ, իրենց կազմակերպուածութեամբ եւ մարզումի մակարդակով կարողականութիւնը ունէին լուրջ սպառնալիք դառնալու Սուրիոյ եւ Իրաքի իշխանութիւններուն: Այս երկու կազմակերպութիւնները հակառակ որ «Քայիտա»-ի թոյլ ցանցի իրաքեան եւ սուրիական անուանական թեւերը կը կազմէին, Սուրիոյ պատերազմի առաջին օրերէն իսկ կը գտնուէին սէուտական, քաթարական եւ թրքական ազդեցութիւններու տակ:

Վերոյիշեալ երկու կազմակերպութիւնները 2014-ի սկիզբը իրենց զէնքերը դարձուցին իրենց երբեմնի զինակիցներուն դէմ` յաճախ անոնք զինաթափ ընելով կամ իրենց շրջաններու հակակշիռը ձեռքերնին առնելով, մղելով զանոնք որ միայն անուանական ներկայութիւն մը պահեն: 2014 փետրուարին «ՏԱՀԵՇ» պաշտօնապէս բաժնուեցաւ «Քայիտա»-էն եւ նոյն տարուան յունիսին, կայծակնային արագութեամբ յաղթանակներ տանելով, Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ հսկայ տարածութիւններ գրաւելով` հռչակեց Իսլամական պետութիւնը:

Այս շրջանին «Ժապհաթ Նուսրա» կը հակակշռէր Սուրիոյ հարաւարեւմտեան` Յորդանանի, Իսրայէլի եւ Լիբանանի սահմանամերձ շրջանները, հասնելով մինչեւ Դամասկոսի արուարձանները: Սուրիոյ հիւսիսարեւմուտքը տեւական մակընթացութիւններու բեմը կը հանդիսանար երկու ընդդիմադիր կազմակերպութիւններու, քրտական ուժերու եւ սուրիական բանակի միջեւ: Սակայն իսլամական պետութեան ստեղծումն էր որ իրաւ երկրաշարժ ստեղծած էր շրջանի ուժերու վերադասաւորման մէջ:

«ՏԱՀԵՇ»-ի ստեղծած Իսլամական պետութիւնը կը տարածուէր Իրաքի եւ Սուրիոյ մեծամասնութեամբ սիւննի շրջաններուն վրայ, մօտաւորապէս Անգլիոյ տարածութեամբ երկիր մը, որ իրաքեւսէուտական սահմանէն կ՛երկարի մինչեւ Սուրիա-Թուրքիա սահմանը` կտրելով Իրանի եւ Սուրիոյ հողային կապը, երկուքի բաժնելով պարսկական ազդեցութեան գօտին, հետեւաբար` անհամեմատօրէն տկարացնելով անոր շրջանային քաղաքական ուժը:

Այս յաղթանակները կարելի եղաւ իրագործել իրաքեան բանակի սիւննի դժգոհ տարրերու «ՏԱՀԵՇ»-ի միացումով, Սատտամ Հիւսէյնի վերապրող բարձրաստիճան Իզզաթ Տուրիի նման փորձառու սպաներու օժանդակութեամբ եւ շրջանի սիւննի, կառավարութենէն դժգոհ ցեղախումբերու միացումով: Նորաստեղծ իշխանութիւնը թալանելով շրջանի դրամատուները եւ գրաւելով իրաքեան կարգ մը եւ սուրիական համարեա բոլոր քարիւղի հանքերը` տիրացաւ նիւթական մեծ հարստութեան եւ եկամուտի աղբիւրներու, ինքնաբաւ ըլլալու չափ:

«ՏԱՀԵՇ»-Ի զինուորական յաջողութիւնները եւ Իսլամական պետութեան ստեղծումը, իր աշխարհագրական դիրքով, անմիջական հետեւանքներ ունեցան շրջանի քաղաքական հաւասարակշռութեան խախտումին մէջ:

Իրան ընդունեց իր հաւատարիմ դաշնակից` Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի հեռացումը իշխանութենէն, որուն փոխարինեց Հայտար Ապատի, որ պատրաստ է գործակցելու Արեւմուտքին հետ` Իսլամական պետութեան վտանգը չէզոքացնելու նպատակով: Անշուշտ ամէն քաղաքական կամ զինուորական օժանդակութիւն իր գինը ունի, որ պարտաւորութիւններ կը ստեղծէ ստացողի ուսերուն:

Սէուտական Արաբիա, Քաթար եւ Թուրքիա աւելի անզիջող դարձան Սուրիոյ իշխանութիւններուն հանդէպ, երբ իրենց հովանաւորած ուժերը իրերայաջորդ նահանջներէ ետք, վերջապէս կրցան լուրջ եւ իրողական վտանգ մը դառնալ երկրի ամբողջութեան ու իշխանութեան գոյատեւման համար:

Թուրքիա սկսաւ պահանջել Սուրիոյ հիւսիսը, որ ուզեց վերածել իր ազդեցութեան գօտիի, նոյն ատեն բացայայտօրէն օգնելով «ՏԱՀԵՇ»-ը, որ Սուրիոյ քրտական YPG (Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինակից) կազմակերպութեան բնաջնջումը իրագործէ: Թուրքիա նոյնիսկ իր տասնամեակներու սերտ դաշնակից` Միացեալ Նահանգների ճնշումներուն դիմադրեց` արգիլելով զինեալներուն, որպէսզի սահմանը կտրեն եւ օգնութեան հասնին իրենց ազգակից եւ դաշնակից սուրիացի քիւրտերուն:

Իսլամական Պետութիւնը`
Ուժ Եւ Գործիք

Իսլամական պետութեան ստեղծումով յառաջացած հաւասարակշռութիւններու խախտումին ընկերացաւ նաեւ հսկայ տարողութեամբ հոգեբանական պայքար մը` մղուած Տահէշի կողմէ, իրենց անմարդկային վայրագութիւնները ցուցադրող երիզներու ցրւումով, կրօնատեղիներու հրկիզումով, տարբեր դաւանանքներու եւ ազգութիւններու հալածանքով, կիներու նկատմամբ անընդունելի վարքով, ժողովուրդի կեղեքումով, մինչեւ որ ներքին թէ արտաքին հանրային կարծիքը պատրաստ եղաւ որեւէ փրկարար ուժ ընդունելի գտնել` կացութիւնը բարեփոխելու համար:

Այս պահուն էր, երբ Միացեալ Նահանգները սկսան օդային ռմբակոծումները ՏԱՀԵՇ-ի դէմ: Սակայն ռմբակոծումներու թիրախները ենթադրել կու տային, թէ որոշ կարմիր գիծեր կային (իրաքեան քրտական մայրաքաղաք` Իրպիլ, ջուրի ամբարտակ, քարիւղի որոշ զտարաններ եւ այլն), որոնք չէր կրնար ՏԱՀԵՇ-ին կտրել ու անցնիլ: Քոպանիի, ռազմավարական աննշան աւանի մը պաշարումը շաբաթներով օդային ռմբակոծումներու առիթ տուաւ, սակայն Իսլամական պետութեան ուժերու Պաղտատէն 10 մղոն հեռաւորութեան վրայ հասնիլը` որեւէ հակազդեցութիւն չյառաջացուց:

1223Chaos-6Վերջապէս, 7 նոյեմբեր, 2014-ին նախագահ Օպամա որոշեց 1500 ամերիկացի զինուորականներ ղրկել Իրաք, միանալու հոն գտնուող նոյն թիւով զինուորական մասնագէտերու, իրաքեան եւ քրտական բանակներու յաւելեալ մարզումի նպատակով: Ամերիկեան զինուորական վերադարձը Իրաք պիտի սահմանափակուի՞ այսքանով, թէ՞ այս առաջին ալիքն է աւելի մեծ ներկայութեան մը երկարաշունչ պայքարի մը նախատեսութեամբ:

Նոյեմբեր 11, 2014-ի լրատուութեան համաձայն, Իսլամական պետութեան խալիֆան, Ապու Պաքր Պաղտատի, ծանրօրէն վիրաւորուած է ամերիկեան օդուժի ռմբակոծումներէն. թէ իր անհետացումով ի՛նչ պիտի ըլլայ Տահէշի ճակատագիրը` անյայտ է: Նոր ղեկավարը արդեօ՞ք տարբեր դեր ունի խաղալիք: Արդեօ՞ք Իսլամական պետութիւնը կոչուած է գոյատեւելու եւ արաբական Իրաքի բաժանումը ամբողջացնելո՞ւ, նոյն ատեն Սուրիայէն մաս մըն ալ անդամահատելով: Ի՞նչ պիտի ըլլայ Սուրիոյ քիւրտերու ճակատագիրը. արդեօք Սուրիոյ բաժանումով քիւրտերը պիտի անկախանան եւ իրենց նոր կացութիւնը վարակիչ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ քիւրտերուն համար: Արդեօք Սէուտական Արաբիան պիտի կարենա՞յ Իսլամական պետութեան քարիւղին տիրանալ, թէ՞ ՏԱՀԵՇ-ը պիտի կարենայ բաժնել Սէուտական Արաբիան:

Ի՞նչ Կրնայ Բերել Ապագան

1223Chaos-7Վերի հարցականները եւ բազմաթիւ ուրիշներ առկայ են Միջին Արեւելքի ներկայ «շինիչ» կամ «քանդիչ» քաոսին մէջ: Զինուորական, քաղաքական եւ ակադեմական բազմաթիւ անձնաւորութիւններ կը նախատեսեն երկարաշունչ արիւնալի պայքար եւ սահմաններու վերադասաւորում: Կարծիքներու հասարակ յայտարարը այն է, թէ Ա. Համաշխարհային պատերազմին յաջորդող միջինարեւելեան սահմանները գծուած Սայքս-Փիքոյի համաձայնութեամբ, այլեւս ի զօրու չեն:

Գոյութիւն ունին շրջանային ուժեր` Իրան, Սէուտական Արաբիա եւ Թուրքիա, որոնք կը պայքարին իսլամական աշխարհի գերակայութեան հասնելու: Գերպետութիւնները կը մրցակցին շրջանին մէջ տնտեսական շահերու ապահովման եւ իրենց քաղաքական ազդեցութեան տարածման նպատակով: Դերակատարները (մեծ թէ փոքր) բազմաթիւ են, դաշինքներ կը կնքուին եւ կը քակուին ամէն անկիւնադարձի. անսպասելի համաձայնութիւններ եւ դաւաճանութիւններ սովորական եղելութիւններ են:

Այս բոլոր ուժերուն եւ արարքներուն ներգործութեան արդիւնքը պիտի որոշէ Միջին Արեւելքի ապագան, հիմնուած միայն երկու անխախտ սկզբունքներու վրայ` Իսրայէլի ապահովութեան եւ ուժանիւթի հայթայթման ապահովման:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )