Նշմար. 100-Ամեակի Փուչիկը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

1223_vahoՔանի մը օր ետք մուտք պիտի գործենք 2015` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարի, երբ իւրաքանչիւր հայու համար տարուան իւրաքանչիւր օրը պէտք է ըլլայ ապրիլ 24:

Ահաւասիկ աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր կը շեփորուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի արշալոյսը, ինչ որ լայն հասարակութեան մօտ կը յառաջացնէ անտեղի եւ չափազանցուած սպասումներ, որոնք յղի են յուսախաբութեան եւ բարոյալքման վտանգի սերմերով: Այլ խօսքով,  կ՛ուռեցնենք 100-ամեակ կոչուած փուչիկ մը, որուն ծաւալման նաեւ կը նպաստէ հայերու առնելիք քայլերուն նկատմամբ թրքական կողմին արտայայտած մտավախութիւնները, որոնք թերեւս անկեղծ, թերեւս ալ այդ փուչիկին  պայթումը աւելի ուժգին դարձնելու համար են:

100-ամեակին նշանակութիւնը խորհրդանշական է, սակայն գործնական գետնի վրայ ո՛չ տարբեր է,  ո՛չ ալ աւելի կարեւոր, քան` 99 կամ 101-ամեակը: Մեզմէ իւրաքանչիւրս կ՛երազէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի արդար լուծման եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ապահովման ականատես դառնալ, սակայն թերեւս իր մէջ որոշ եսասիրութիւն մը կը փայփայէ: Այդ ցանկութիւնը բնական ու բարի ցանկութիւն է, սակայն պէտք չէ մոռնալ այն ասացուածքը, թէ դժոխքին ճամբան բարի ցանկութիւններով սալայատակուած է: Հարկ է վերյիշել ու վերյիշեցնել, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի երկու պարտականութիւն` Հայ դատի լուծման համար կարելի ամէն բան ընել եւ պայքարի ջահը փոխանցել` տան, դպրոցին, եկեղեցւոյն, կուսակցութեան ու միութեան մէջ զայն բարձր պահելու պատրաստութեամբ տոգորուած նոր սերունդին:

100-ամեակը, որեւէ այլ կլոր թուականի մը նման,  ունի որոշ կարեւորութիւն մը, սակայն վերջակէտ մը չէ: Անիկա աւելի կարեւոր չէ, քան` 50-ամեակը,  որ անցաւ, կամ` 150 եւ 200 ամեակները, որոնք պիտի գան: Հրեայ ժողովուրդը հայրենիքի մը ստեղծման համար 3000 տարի համբերեց ու աշխատեցաւ. մենք եւս պէտք է համբերատար ըլլանք եւ աշխատինք` յուսալով, որ մեր նպատակին իրագործումը այդքան ուշ պիտի չըլլայ:

Վերադառնալով 50-ամեակի օրինակին` 1965-ի համազգային ցոյցերու ընթացքին մարդիկ կը բացագանչէին «Մեր հողերը, մեր հողերը», սակայն այսօր գոյութիւն ունի այն տպաւորութիւնը, որ խօսքը աւելի փոխհատուցման մասին է, քան` պահանջատիրութեան: Հայոց ցեղասպանութեան հարցի լուծումը կը բաղկանայ երեք տարրերէ` ճանաչում, փոխհատուցում ու իրաւունքներու վերականգնում, որուն գլխաւոր բաղադրիչը Ուիլսընեան սահմաններու պահանջն է: Հարկ է դարձեալ բացագանչել «Մեր հողերը, մեր հողերը», որպէսզի թշնամին այն տպաւորութիւնն ու ակնկալութիւնը չունենայ, որ հայկական կողմը իւրաքանչիւր 50 տարին կը զիջի այդ եռաթեւ պահանջներուն մէկէն. 100-ամեակին` իրաւունքներու վերականգնումէն, 150-ամեակին` փոխհատուցումէն, իսկ 200-ամեակին ալ` Ցեղասպանութեան ճանաչումէն: Եթէ անոր մօտ այդպիսի անտեղի յոյսեր յառաջացնենք, ապա իր գրաւը պիտի դնէ ժամանակի ազդակին վրայ եւ դառնայ աւելի անզիջող: Այն ատեն թերեւս մենք եւս սպասենք 3000 տարի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Vasken 9 years

    Վահրամ Էմմիեանին այս նիւթը չի ցոլացներ այն աշխատանքը որ կը տարուի համայն սփիւրքին կողմէ հայութիւնը տէղիակ պահելու համար:
    Թերեւս փոգրամասնութեան մը կ՛ուղղէ իր գրութիւնը բայց մի և նոյն ժամանակ կարժեւորէ թուրքին տարած աշխատանքը այս նիւթին ուղղութեամբ:
    Կերեւի «ԱԶԴԱԿ» խելացիները պտոյտի գացեր են…

  • Disqus ( )