Քարիւղով Հարուստ Ազրպէյճանի Բնակչութիւնը Կ՛աղքատանայ

1222_Azerbaijan«ՓանԱրմինիըն» կայքը` մէջբերելով ազրպէյճանական «Էյ.Պի.Սի.ազ»-ը, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ հոկտեմբեր 2014-ին իսկական աշխատավարձը, հաշուի առնելով գնաճը, սեպտեմբերին հետ բաղդատելով նուազած է 0,25 առ հարիւրով: Սեպտեմբերին աշխատավարձը նուազած էր 0,94 առ հարիւրով:

Ըստ պաշտօնական տուեալներու, անցեալ տարի արձանագրուած էր աշխատավարձի 3,6 առ հարիւրի աճ: Բայց եւ այնպէս, տարեվերջին, ըստ Ազրպէյճանի վիճակագրութեան պետական կոմիտէին, աշխատավարձի աճը կազմած էր 3,6 առ հարիւր, իսկ գնաճը` 1,6 առ հարիւր:

Ամէնէն լաւ վարձատրութիւնը կը ստանան քարիւղի մարզի աշխատակիցները, որոնց միջին աշխատավարձը 1756 մանաթ է` շուրջ 2,2 հազար տոլար: Սակայն այդ հատուածին մէջ կ՛աշխատի շուրջ 50 հազար մարդ, ներառեալ բարձր օղակի ղեկավարութիւնը: Ոչ քարիւղային մարզի ներկայացուցիչները կը վաստակին միջինը 408 մանաթ (523 տոլար): Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցները մէջբերող հայաստանեան կայքին, եթէ հաշուի առնենք գնողունակութիւնն ու վերցնենք հարկերը, ապա Ազրպէյճանի մէջ միջին աշխատավարձը` հաշուի առնելով քարիւղի հատուածը, կը կազմէ 612,7 տոլար, մինչդեռ քարիւղ չունեցող Հայաստանի մէջ ատիկա 538,8 տոլար է:

Ազրպէյճանի քարիւղի ոլորտը խնդիրներու եւ աշխատատեղերու կրճատման շեմին է: Մասնաւորաբար, արդէն հաստատուած է, որ աշխատատեղերու զանգուածային կրճատումներ պիտի կատարէ Ազրպէյճանի մէջ «Պրիթիշ փեթրոլիում» քարիւղի ընկերութիւնը:

Կրճատման ենթակայ աշխատատեղերու մասին տակաւին յստակ տուեալներ չկան:

Share this Article
CATEGORIES