Աբխազիոյ Խորհրդարանը Վաւերացուցած Է Ռուսիոյ Հետ Համագործակցութեան Վերաբերող Համաձայնագիրը

1222_Abkhazian-parliament«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Աբխազիոյ խորհրդարանը վաւերացուցած է Ռուսիոյ հետ Համագործակցութեան եւ ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերող համաձայնագիրը:

Փաստաթուղթը կը նախատեսէ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ընդհանուր տարածքի ստեղծում, ինչպէս նաեւ բարձրացում ընկերային չափանիշներու, ներառեալ` կենսաթոշակային ապահովման, բժշկական եւ ընկերային ապահովագրութեան, առողջապահութեան, կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներու աշխատակիցներու աշխատավարձերու յաւելում:

Յիշեցնենք, որ 24 նոյեմբերին Ռուսիոյ եւ Աբխազիոյ նախագահները համագործակցութեան վերաբերող համաձայնագիր ստորագրած էին:

Share this Article
CATEGORIES