«Սուրիացիները Պատրաստակամութիւնը Ունին Իրենց Երկրին Մէջ Ահաբեկչութիւնը Արմատախիլ Ընելու» Կ՛ըսէ Ասատ

1222_Larijani-AssadԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Դամասկոսի մէջ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, որ սուրիացիները պատրաստակամութիւնը ունին իրենց երկիրին մէջ ահաբեկչութեան ու ծայրայեղական գաղափարախօսութիւնը արմատախիլ ընելու:

«Պայքարելով ահաբեկչութեան դէմ` սուրիացիները միաժամանակ պիտի ընդլայնեն եւ ամրապնդեն ազգային զինադադարի հոլովոյթը այնպէս, որ անիկա ներառէ Սուրիոյ բոլոր շրջանները», նշած է Ասատ:

Նշենք, որ Լարիժանի Դամասկոսէն սկսած է շրջանային այցելութիւնը, որ կը ներառէ Սուրիան, Լիբանանն ու Իրաքը:

Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Ժիհատ Լահամ իր կարգին Լարիժանիի հետ հանդիպումին ընթացքին ընդգծած է «կարեւորութիւնը այն աջակցութեան, զոր Սուրիոյ նկատմամբ կը ցուցաբերեն Իրանն ու անոր այլ ընկերները` Ռուսիան, Չինաստանը եւ Լատինական Ամերիկայի երկիրները»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES