«Թուրքիան Ուժանիւթի Ոլորտին Մէջ Ռուսիոյ Վստահելի Գործընկերն Է» Կ՛ըսէ Նովաք

1222_Novak«Ռոսպալթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաք կը կարծէ, թէ Թուրքիան վստահելի գործընկեր է դէպի Եւրոպա ուժանիւթի մատակարարումներու ոլորտին մէջ եւ յոյս ունի իրականացնել ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:

«Վերջին շրջանին շատ լաւ յարաբերութիւններ կը ձեւաւորուին թուրք գործընկերներու հետ, յատկապէս` ուժանիւթի ոլորտին մէջ: Զիս կը բաւարարէ մեր համագործակցութիւնը, մեր յարաբերութիւնները վստահութիւն կը վայելեն յատկապէս, այն հարցերու առումով, որոնք կապուած են ներդրումներու ներգրաւման: Այս կապակցութեամբ, անկասկած, մենք յոյս ունինք, որ բոլոր համաձայնութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին, պիտի կատարուին լիովին», ըսած է Նովաք:

Ըստ անոր, Սեւ ծովու յատակով Ռուսիայէն Թուրքիա կազի խողովակաշարի շինարարութեան նախագիծը հիմնական խնդիրն է, որուն վրայ կ՛աշխատին կողմերը:

Share this Article
CATEGORIES