Իրաքեան Ուժերը Տարբեր Շրջաններու Մէջ Մեծ Տարածքներ Ազատագրած Են

1222_Peshmergas-in-Sinjar-Mountain«Արմէնփրես»` վկայակոչելով արաբական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ իրաքեան ուժերը Սալահետտին մարզին մէջ ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրած են Տալաուիյա շրջանի Պուայֆան եւ Հուէյժա բնակավայրերը:

Ռազմական գործողութիւններուն մասնակցած են բանակի, ոստիկանութեան եւ ազգային կամաւորական ջոկատները: Բախումներու ժամանակ ՏԱՀԵՇ խմբաւորումը լուրջ կորուստներ կրած է:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրուած է Թիքրիթ քաղաքի հարաւը գտնուող Ապու Հանզալ գիւղը, եւ ռազմական գործողութիւններ սկսած են մերձակայ տարածքներու ազատագրման համար: Աղբիւրի տեղեկութեամբ, մէկ օր առաջ Սալահետտինի մէջ քանի մը տարածք եւս ազատագրուած է:

Անվտանգութեան աղբիւրներու համաձայն, 21 դեկտեմբերին իրաքեան ուժերը վերահսկողութեան տակ առած են Թելաֆարի օդակայանը, որուն մէջ եւ շրջակայքը տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի անդամ աւելի քան 130 զինեալներ սպաննուած են:

Արաբական մէկ այլ աղբիւր կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին Նինուէ մարզին մէջ:

Երէկ նաեւ հաղորդուեցաւ, որ փեշմերկաները մուտք գործած են Մուսուլի արեւմուտքը գտնուող Սիժար քաղաք: Սպաննուած ու վիրաւորուած են տասնեակներով ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներ:

Միւս կողմէ, ՏԱՀԵՇ բուռն բախումներէ ետք դարձեալ գրաւեց Պիժի գաւառը:

 

Share this Article
CATEGORIES