Սինիրլիօղլու Այցելած Է Ռուսիա` Քննարկելու Համար Սուրիոյ, Իրաքի Եւ Ուքրանիոյ Հարցերը
«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ թուրք բարձրաստիճան դիւանագէտ Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու այցելեց Մոսկուա` ռուս պաշտօնատարներու հետ քննարկելու շարք մը հարցեր, ներառեալ` Սուրիոյ, Իրաքի եւ Ուքրանիոյ խնդիրները:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սինիրլիօղլու 21-22 դեկտեմբերին հանդիպումներ ունեցած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Միխայիլ Պոկտանովի եւ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասինի հետ:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 1 դեկտեմբերին այցելեց Անգարա եւ յայտարարեց, որ Մոսկուա կը ջնջէ «Հարաւային հոսք» կազի խողովակաշարի ծրագիրը, որ Պուլկարիոյ տարածքէն պիտի անցնէր, եւ փոխարէնը առաջարկեց Թուրքիոյ տարածքէն անցնող խողովակաշար մը:
Նշեալ այցելութենէն անմիջապէս ետք Եւրոպական Միութիւնը մտահոգութիւն յայտնելով նշեց, թէ կը սպասէ, որ Թուրքիա միանայ Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն:

