«Թուրքիա Պէտք Է Վերականգնէ Եգիպտոսի Հետ Յարաբերութիւնները» Կ՛ըսէ Արընչ
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ «Ժազիրա»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիա պէտք է Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորէ, որովհետեւ բացի Թուրքիայէն ամբողջ աշխարհը նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի կառավարութիւնը «բնական» կը նկատէ:
Ան երէկ հրապարակուած հարցազրոյցի մը մէջ յայտնեց. «Մենք արագօրէն պէտք է Եգիպտոսի հետ մեր յարաբերութիւնները առողջ մակարդակի բարձրացնենք»` աւելցնելով. «Հաւանաբար ասոր համար առաջին քայլը Եգիպտոսը պէտք է առնէ, սակայն մենք զայն պէտք է քաջալերենք»:
Արընչ նշեց, որ Արեւմուտքի կողմէ Սիսիի ընդունումը Թուրքիան կը ստիպէ անոր կառավարութեան հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու: Ան նաեւ մատնանշած է Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ հասարակաց «պատմութիւնը, մշակոյթն ու հաւատքը»:
«Թուրքիա տակաւին կ՛ըսէ, որ սկզբունքով յեղաշրջումի ճամբով ընտրեալ անձի մը կառավարութենէն հեռացումը չ՛ընդունիր: Բայց եւ այնպէս, նաեւ գոյութիւն ունի իրողական պետութիւն մը, եւ ամբողջ աշխարհը այդ իրողական պետութիւնը բնական կը նկատէ», ըսած է Թուրքիոյ փոխվարչապետը:
Արընչ նաեւ յայտնած է, որ Թուրքիա կարեւոր կը նկատէ Ծոցի արաբական երկիրներուն հետ իր յարաբերութիւնները, որոնք Գահիրէի հետ լարուածութեան պատճառով մեծապէս վնասուած են:
Ան նաեւ շեշտած է, որ Անգարա «պէտք է ամրապնդէ Ծոցի երկիրներուն հետ իր պատմական բարեկամութիւնը»:

