Ըստ Ուքրանական Լրատուամիջոցներու. Քիեւի Մէջ Այսօր Պիտի Որոշուի Մաքսային Միութեան Ճակատագիրը
Ուքրանական «Սեկոտնիա» կայքը կը հաղորդէ, որ Ղազախստանն ու Պիելոռուսիան կ՛ուզեն կարգաւորել Ուքրանիոյ հետ երկկողմանի առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւնները` շրջանցելով Մաքսային միութիւնը, որ 1 յունուարին պիտի փոխակերպուի Եւրասիական տնտեսական միութեան:
Լրատուամիջոցը կը գրէ, որ Մինսքն ու Ասթանան խոստացած են նաեւ օգնել Քիեւին` խաղաղ ճանապարհով լուծելու Տոնպասի հակամարտութիւնը: Ատոր դիմաց Քիեւ պիտի օգնէ Պիելոռուսիոյ` կարգաւորելու յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ: Այդ մասին Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքոն մէկ օր առաջ Քիեւի մէջ համաձայնութիւն գոյացուցած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ:
Ըստ փորձագէտներու, Մինսքի եւ Ասթանայի տնտեսութիւնը վնաս կրած է Ռուսիոյ դէմ Արեւմուտքի սահմանած պատժամիջոցներուն պատճառով, ինչպէս նաեւ այն պատճառով, որ Քրեմլինը սառեցուցած է առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւնները Քիեւի հետ` Եւրոպական Միութեան հետ համարկումը ընտրելուն համար:
Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ երէկ իր կարգին այցելեց Քիեւ: Լրատուամիջոցը կը գրէ, որ խորհրդանշական է, որ Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի նախագահներու Քիեւ այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ Մոսկուայի մէջ, 23 դեկտեմբերին կայանալիք Մաքսային միութեան անդամ երկիրներու բարձրագոյն խորհուրդի նիստի նախօրեակին. Մաքսային միութիւնը այսօր պէտք է վերափոխուի Եւրասիական տնտեսական միութեան:
Ըստ ռուսական լրատուամիջոցներու, Նազարպայեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան ստեղծման համաձայնագիրի ստորագրումը որակած է տարուան կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկը:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Նազարպայեւ ըսած է, որ Ռուսիոյ դէմ արեւմտեան պատժամիջոցները մէկ կողմէ անմիջականօրէն չեն ազդեր Ղազախստանի վրայ, սակայն միւս կողմէ իր ղեկավարած հանրապետութեան համար այդ պատժամիջոցներուն մէջ ոչ մէկ լաւ բան կայ, որովհետեւ Ղազախստանի հիմնական գործընկերը Ռուսիան է:
Ան միաժամանակ ըսած է, որ Ղազախստանը ուշի-ուշով պիտի հետեւի տնտեսական զարգացումներուն եւ միւս կողմէ յիշեցուցած է, որ իրենք առեւտուր կ՛ընեն նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ այլ երկիրներու հետ:
Ըստ «Կազեթա»-ի, խօսելով քարիւղի գիներու մասին, Նազարպայեւ ըսած է, որ իր երկիրը պիտի դիմանայ նոյնիսկ տակառի գինը 40 ամերիկեան տոլարի բարձրացման պայմաններուն: Ներկայ դրութեամբ քարիւղի մէկ տակառին գինը շուրջ 60 ամերիկեան տոլար է:
Նազարպայեւ այս յայտարարութիւնները կատարած է Ղազախստանի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
«Ռոսպալթ» կը գրէ, որ Նազարպայեւ յայտարարած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը (ԵՏՄ) նմանութիւն չունի Խորհրդային Միութեան հետ եւ չի սպառնար երկիրներու անկախութեան: «Ատիկա (ԵՏՄ-ն) եղած է իմ գաղափարս, զոր ես տուած եմ 20 տարի առաջ Մոսկուայի պետական համալսարանին մէջ: Այսօր ԵՏՄ-ն շատ մեծ վտանգի կ՛ենթարկուի, անկեղծ կ՛ըսեմ` ճգնաժամերու պատճառով: Այժմ խօսակցութիւններ շրջան կ՛ընեն անկախութեան կորուստի մասին, եւ թէ կրկին կը ստեղծուի Խորհրդային Միութիւնը: Անհեթեթութիւն: Ան, որ կ՛ուզէ ստեղծել Խորհրդային Միութիւն, այլեւս ուղեղ չունի: Մենք շատոնց հեռացած ենք անկէ», նշած է Ղազախստանի նախագահը:
Ըստ անոր, գոյութիւն ունեցած է մարքսիստալենինեան գաղափարախօսութիւն, այժմ ատիկա չկայ, գոյութիւն ունեցած է համայնավարական կուսակցութեան` այժմ չկայ, գոյութիւն ունեցած է միասնական տնտեսական մարմին` այդ ալ նոյնպէս չկայ:
Նազարպայեւ. «Ղազախստանը Պատրաստ Է
Միանալ Տոնպասի Մէջ Իրավիճակի
Խաղաղ Կարգաւորման Հոլովոյթին»
«Օպոզրեւաթել» կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ Նազարպայեւի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Ղազախստանի նախագահը յայտնած է, թէ կ՛աջակցի Ուքրանիոյ անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, պատրաստ է միանալու Տոնպասի մէջ իրավիճակի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին: «Ես շատ շնորհակալ եմ կայուն եւ հետեւողական դիրքորոշման համար, որ կը վերաբերի Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու անկախութեան», ըսած է ան:
Նազարպայեւ իր կարգին շնորհաւորած է Փորոշենքոն` Ուքրանիոյ մէջ յաջող կերպով կայացած ժողովրդավարական ընտրութիւններու համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնած Է ամէն ձեւով աջակցելու երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան վերսկսման:
Փուշքով Լուքաշենքոյին Յիշեցուցած Է
Քատաֆիի Եւ Միլոսեւիչի Ճակատագիրին Մասին
Ռուսիոյ Տումայի միջազգային հարցերու յանձնախումբի նախագահ Ալեքսէյ Փուշքով` անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլընտի այն յայտարարութեան, թէ Ուաշինկթըն պատրաստ է Մինսքի հետ երկխօսութեան, «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Միացեալ Նահանգներու հետ փորձած են ընկերանալ Միլոսեւիչը, Քատաֆին, Սատտամ Հիւսէյնը: Անոնց ճակատագիրը յայտնի է: Այժմ Միացեալ Նահանգները «նոր յարաբերութիւններ» կ՛առաջարկէ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի: Վտանգաւոր փորձ է»:
Նշենք, որ Խըրխըզիստանի նախարարաց խորհուրդը յետաձգեց ԵՏՄ-ի անդամակցութեան վերաբերող համաձայնագիրի նախագիծի քննարկումը:

